ԹԵՆԻՍ. ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԴՈՒՐՍ ՄՆԱՑ ՍԻՆՍԻՆԱԹԻԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԷՆ
Երէկ, Սինսինաթիի (Միացեալ Նահանգներ) թենիսի միջազգային մրցաշարքի Բ. հանգրուանին իր կատարած մրցումին, արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան դուրս մնաց մրցաշարքէն, երբ 6-4 եւ 6-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անգլիացի իր մրցակիցէն` Էնտի Միւրէյէն: Մրցումը տեւեց 1 ժամ եւ 17 վայրկեան:
Գ. հանգրուանին Միւրէյ իր դէմ պիտի ունենայ ամերիկացի Ալեքս Պոկոմոլովը, որ անակնկալ յաղթանակ մը արձանագրեց` 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնելով ֆրանսացի Ճօ-Ուիլֆրիտ Ցոնկան:
CATEGORIES Մարզական