ՅԱՏՈՒԿ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍԻ ՄԸ ԸՆԹԱՑՔԻՆ «ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՆՔ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵԼՈՒ ԱՍԻՈՅ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ ԱՍԻՈՅ ՓԻՆԿ ՓՈՆԿԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ» ԸՍԱՒ ՀԱԺ ՆԻՔՈԼԱ

Երէկ, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը Ժամհուր ակումբին մէջ տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլա ըսաւ.

«Կու գանք այս մամլոյ ասուլիսին ընդմէջէն յայտարարելու, որ պատրաստ ենք յառաջիկայ 12-18 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Ասիոյ փինկ փոնկի ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու, հակառակ մեր դիմաց ցցուած դժուարութիւններուն: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի միջամտութիւնը մեզի վերստին յոյս ներշնչեց, որպէսզի չհրաժարինք այս կարեւոր մրցաշարքը հիւրընկալելէ: Նախագահէն բացի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ իր կարգին յայտնեց, որ նիւթապէս եւ բարոյապէս լիբանանեան կառավարութիւնը զօրավիգ կը կանգնի մեզի: Այժմ պիտի սպասենք նախ եւ առաջ Ասիոյ փինկ փոնկի ֆետերասիոնի պատասխանին, իսկ երկրորդ` վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հաւանութեան, որ պիտի ուզէ՞ ըլլալ մրցաշարքը հովանաւորողը` նկատի ունենալով, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յետս կոչեց մրցաշարքին իր հովանաւորութիւնը, որուն համար չենք ուզեր այպանել ոեւէ մէկը»:

Share this Article
CATEGORIES