ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՓՈԽԱԴՐԱԿԱՌՔԵՐՈՒ ԴԷՄ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐ ԶՈՀԵՐ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԵՆ

Առնուազն վեց անձեր սպաննուեցան եւ 10 ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ հարաւային Իսրայէլի մէջ փոխադրակառքերու դէմ յարձակումներ տեղի ունեցան: Յարձակումները սկսան, երբ անծանօթ զինեալներ կրակ բացին Եգիպտոսի հետ սահմանին մօտէն անցնող իսրայէլեան փոխադրակառքի մը վրայ: Ասիկա Եգիպտոսի հետ Իսրայէլի սահմանին վրայ տարիներէ ի վեր առաջին մեծ յարձակումն է: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու զայն Իսրայէլի գերիշխանութեան դէմ յարձակում մը նկատեց, իսկ պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք յայտնեց, որ յարձակումին աղբիւրը Կազան է, որ սուղ գին պիտի վճարէ: Համաս յայտարարեց, որ գործողութեան հետ որեւէ առնչութիւն չունի:

Իսրայէլեան բանակը յայտնեց, որ իսրայէլացի հինգ զինուորներ վիրաւորուած են: Իսրայէլեան բանակի բանբերը յայտնեց, որ զինեալները Կազայէն Իսրայէլ ներթափանցած են:

Իսրայէլեան իշխանութիւնները կը յայտնեն, որ առաջին յարձակումը տեղի ունեցած է Պիրշեպայէն Իլաթ ուղղուող փոխադրակառքի մը դէմ: Այս յարձակումէն կարճ ատեն ետք, հակահրասայլային հրթիռ մը հարուածեց այլ փոխադրակառք մը:ւ մակարդակին վրայ ըլլալ, եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջեց հարցը փոխանցել Քրէական միջազգային դատարանին:

Share this Article
CATEGORIES