ՎԵՐՍՏԻ՞Ն ՑՈՅՑԵՐ
Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մօտիկ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած են, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հրաժարելէն եւ կառավարութիւնը տապալելէն առաջ ոչ մէկ երկխօսութիւն պիտի կատարուի:
Միւս կողմէ կը նախատեսուի, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը յառաջիկայ շաբաթասկիզբին գումարեն նիստ մը, որուն ընթացքին յստակ եւ խիստ որոշումներ պիտի տան` պաշտպանելու համար Միջազգային դատական ատեանը:
Ըստ լաւատեղեակ աղբիւրներու, կրնան կազմակերպուիլ ցոյցեր, որոնց ընթացքին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն պիտի պահանջուի հաւատարիմ մնալ Միջազգային դատական ատեանի որոշումներուն եւ զանոնք գործադրելու յանձնառութեան առումով պատասխանատուութիւն ստանձնել:
CATEGORIES Լիբանանեան

