«ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ Է ԲԱՑԱՌԻԿ ՍԿԻԶԲ» Կ՛ԸՍԷ ՓԱՆՈՍ ՄԱՆՃԵԱՆ
Պետական նախարար Փանոս Մանճեան «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան նիստին մթնոլորտը եղած է դրական` աւելցնելով, որ մեծ հաւանականութիւն կայ, որ ելեկտրականութեան տագնապին լուծման նպատակով պատրաստուած օրինագիծը յառաջիկայ երեքշաբթի օր վաւերացուի` զայն որոշ փոփոխութիւններու ենթարկելէ ետք:
CATEGORIES Լիբանանեան

