ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

«ՆԱՀԱՐ»

– Լրատուութիւն այն մասին, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կը մերժէ ընդառաջել Թուրքիայէն ներում հայցելու Քլինթընի առաջարկին, իսկ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կառչած կը մնայ այդ պահանջին` սրբագրելու համար Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ», «Տիար», «Անուար», «Սաֆիր», «Սատա Պալատ», «Հայաթ» «Լիուա», «Տէյլի Սթար», «Ախպար» եւ «Շարք» օրաթերթերը):

– Անդրադարձ` Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան զինեալներուն կողմէ թուրք զինուորներուն սպանութեան եւ այդ առնչութեամբ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի սպառնալիքներուն:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ», «Անուար», «Սաֆիր», «Սատա Պալատ», «Հայաթ», «Շարք», «Տէյլի Սթար», «Ախպար» եւ «Տիար» օրաթերթերը):

– «Նահար» օրաթերթը թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին հրապարակումներուն վրայ հիմնուելով կը ներկայացնէ Թուրքիոյ կողմէ սուրիական ընդդիմութեան ներկայացուելիք օժանդակութիւնները:

– Անդրադարձ` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի կատարած այն յայտարարութիւններուն, որոնց հիման վրայ Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը կը հաստատէ, որ Անգարա արտակարգ քայլերու պիտի դիմէ, եթէ Սուրիա շրջանային հարցի մը վերածուի:

– Լրատուութիւն այն մասին, որ թրքական օդուժը կը ռմբակոծէ աւելի քան 60 քրտական կեդրոններ:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ», «Անուար», «Սաֆիր», «Սատա Պալատ», «Լորիան լը ժուր», «Տէյլի Սթար», «Լիուա», «Հայաթ», «Ախպար» եւ «Տիար» օրաթերթերը):

«ՏԻԱՐ»

– Լրատուութիւն` ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի եւ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպանին միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին մասին:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ», «Անուար», «Սաֆիր», «Շարք», «Ախպար» եւ «Լիուա» օրաթերթերը):

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ»

– Լրատուութիւն այն մասին, որ Ուաշինկթըն եւ Իսրայէլ կը հերքեն, թէ Իսրայէլի վրայ ամերիկեան ճնշումներ կը բանեցուին Թուրքիոյ ներում հայցելու առումով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES