«ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԶԷՆՔԻՆ ՄԱՍԻՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ԱՅՆ, ԻՆՉ ՈՐ ԷՐ ՆԱԽՈՐԴ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆԸ» ՇԵՇՏԵՑ ՄԻՔԱԹԻ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ամերիկեան «Թայմ մակազին» շաբաթաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ ինք նախորդ կառավարութեան կեցուածքը` բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն տարազը պիտի որդեգրէ Դիմադրութեան զէնքին առնչութեամբ:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ ինք վարչապետի պաշտօնին իր թեկնածութիւնը առաջադրած է հիմնական նպատակ ունենալով Լիբանանի փրկութիւնը. ան նշեց, որ ինք իր պաշտօնէն պիտի հրաժարի, եթէ չկարենայ պաշտպանել իր երկիրը:

Միքաթի ընդգծեց, որ ինք անձնական օրակարգ մը չունի եւ իր անձնական շահերուն համար չի գործեր` աւելցնելով, որ ինք նկատի պիտի ունենայ սիւննի համայնքին պահանջը, որ կը կայանայ Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու եւ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին սպաննող յանցագործներուն արդար պատիժ տալու հրամայականներուն մէջ:

Միքաթի նշեց, որ իր նպատակը պիտի ըլլայ Լիբանան-Սուրիա յարաբերութիւնները ամրապնդել, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան մարզին մէջ Լիբանանի յարաբերութիւնները ամրապնդել բոլոր պետութիւններուն հետ:

Անդրադառնալով Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին` Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանան չի կրնար ջնջել այդ ատեանը, սակայն եթէ կայ բան մը, որ Միջազգային դատական ատեանէն պէտք է ջնջել, ապա այդ մէկը պիտի որոշուի լիբանանեան համախոհութեամբ:

Միւս կողմէ, «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ Միքաթի երէկ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցած է Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութեան հետ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES