ԱՐՑԱԽ. ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխաններ, Ժողովրդական շարժման միութեան անդամներ Կի Թեսիէն, Ժաք Ռեմիլէն, Ժորժ Քոլոմպիէն եւ Վալերի Պուայէն:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններու ներկայ իրավիճակին եւ զարգացման հեռանկարներուն հետ կապուած հարցեր:

Նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատեց Ֆրանսայի դերակատարութիւնը շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման մէջ` բարձր գնահատելով անոր գործունէութիւնը իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր:

Երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ծիրին մէջ, Բակօ Սահակեան անհրաժեշտ նկատեց խորհրդարանական կապերու ընդլայնումը` ընդգծելով Արցախի յատուկ շահագրգռուածութիւնը այդ հարցին մէջ: Երկու կողմերը նշեցին նաեւ փոխադարձ գործակցութեան հետագայ խորացման եւ այդ ուղղութեամբ որոշակի ծրագիրներու մշակման անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպման կը մասնակցէին Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:

Share this Article
CATEGORIES