ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՕՐԱԿԱՐԳԷՆ ԴՈՒՐՍ ԲԵՐՈՒԱԾ ԵՆ
«Երկիր» կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանական «1news.az» կայքէջը` վկայակոչելով թրքական զանգուածային լրատուամիջոցները, կը նշէ, որ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները, որոնք պէտք է քննարկուէին Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին կազմին կողմէ, իրենց իրաւական ուժը կորսնցուցած կը նկատուին, ուստի դուրս բերուած են խորհրդարանի օրակարգէն:
Թուրքիոյ խորհրդարանի օրակարգէն դուրս բերուած են 898 օրինագիծ եւ որոշում, որոնց շարքին` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին արձանագրութիւնները:
CATEGORIES Հայկական