ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՊԱՏԻՆ

Դեսպան Ապատի եւ փոխվարչապետ Մուքպել

Փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան – իրանեան յարաբերութիւնները եւ զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք Ապատի յայտնեց, որ Մուքպելին փոխանցած է շնորհաւորական նամակ մը` Իրանի հանրապետութեան նախագահի օգնականին կողմէ, Մուքպելի ստանձնած պաշտօնին առիթով:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ երկկողմանի համաձայնագիրներուն գործադրութեան հեռանկարները:

Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով` դեսպան Ապատի յայտնեց, որ Լիպիոյ վարչակարգին տապալումը ոչ մէկ ազդեցութիւն ունի Սուրիոյ վրայ` աւելցնելով, որ Սուրիոյ ժողովուրդին պահանջները արդար են, եւ Իրան կը զօրակցի այդ պահանջներուն գործադրութեան:

Միւս կողմէ, Մուքպել ներկայ գտնուեցաւ «Լը Մայոն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած ճաշկերոյթին, որ կազմակերպուած էր Ուղղափառ հանդիպումին կողմէ:

Ճաշկերոյթին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Մուքպել շեշտեց, որ կառավարութիւնը պիտի գործակցի միջազգային օրինականութենէն հրապարակուած բանաձեւերը գործադրելու առումով:

Մուքպել դիտել տուաւ նաեւ, որ կառավարութեան համար առաջնահերթութիւն է նաեւ լիբանանցիներուն դիմագրաւած ապրուստի հարցերը, ինչպէս նաեւ ելեկտրականութեան տագնապին հարցը լուծելը:

 

Share this Article
CATEGORIES