ԱՄԱԼ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԼԻՊԻԱ ԳՈՐԾՈՒՂԵԼՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց Ամալ շարժումի ղեկավար խորհուրդի նիստին, որուն աւարտին հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն ընդմէջէն Ամալ շարժումը շնորհաւորեց եւ ողջունեց լիպիացի ժողովուրդը իր յեղափոխութեան յաջողութեան առիթով:

Ամալ շարժումը մաղթեց, որ լիպիացի ժողովուրդին արձանագրած այս յաղթանակը իր գագաթնակէտին հասնի Լիպիոյ բռնակալ ղեկավար Մոամմար Քազզաֆիի ձերբակալութեամբ եւ Պապ Ազիզիէի մէջ Լիպիոյ նախկին վարչակարգին բռնարարքները եւ հազարաւորներու սպանդները ջնջելով:

Հաղորդագրութիւնը յոյս յայտնեց, որ բռնակալութիւնը ամբողջութեամբ վերջ գտնէ Լիպիոյ մէջ` մաղթելով, որ առաջնահերթութիւնը ընծայուի 1978-ին անհետացած իմամ Մուսա Սատըրի, ինչպէս նաեւ անոր ընկերակիցներուն` շէյխ Եաագուպի եւ լրագրող Ապպաս Պատրէտտինի ազատ արձակումին:

Ամալ շարժումը կոչ ուղղեց Լիբանանի կառավարութեան, որ պաշտօնական պատուիրակութիւն մը գործուղէ Լիպիա, որպէսզի անիկա հանդիպումներ ունենայ լիպիացի պատասխանատուներուն հետ եւ կարելի ըլլայ հետաքննութիւն կատարել` իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն ազատ արձակումին նպատակով:

Ամալ շարժումը մաղթեց, որ Լիպիոյ յեղափոխութեան իբրեւ արդիւնք կարելի ըլլայ հիմնել քաղաքացիական եւ սահմանադրական արդի պետութիւն մը, որ արաբական աշխարհին կ՛օժանդակէ իր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մէջ եւ կ՛ընդդիմանայ իսրայէլեան բռնարարքներուն` նեցուկ կանգնելով պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքներուն գործադրութեան:

Share this Article
CATEGORIES