ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ԻՍՐԱՅԷԼԻ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց եւ ապահովական հարցերով յանձնախումբի նախագահ Շաուլ Մոֆազ յայտնեց, որ «Իսրայէլ անճրկած կանգնեցաւ, մինչ ահաբեկչութիւնը իր բնակչութենէն միլիոնաւոր անձերու ուժերը սպառեց»` աւելցնելով, որ «Իսրայէլ ինք զինադադար խնդրեց, սակայն յայտարարուած ժամանակաւոր զինադադարը ձեւական կոչեց»: Ան նաեւ նշեց, որ «Իսրայէլ սխալ գործեց, երբ դէպքէն անմիջապէս ետք եգիպտացի ոստիկաններուն սպանութեան համար ցաւ չյայտնեց»:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յայտարարեց, որ «ոչ ոքի արտօնուած է Գահիրէի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան վրայէն անոր դրօշը վար առնել»` աւելցնելով, որ «այդ մէկը միջազգային օրէնքին դէմ է»: «Եգիպտոս կրնայ դեսպանը վտարել կամ դեսպանատունը փակել եւ կամ ալ յարաբերութիւնները խզել»:

ԻՍՐԱՅԷԼԻ պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք գոհունակութիւն յայտնեց, որ Իսրայէլ յաջողած է ապահովական լարուածութեան ժամանակը կրճատել` աւելցնելով, որ անցեալ հինգշաբթի օր Էյլաթի մէջ պատահած յարձակումը Իսրայէլի դէմ ռազմավարական թակարդ մըն էր, որուն նպատակը Եգիպտոսի հետ անոր յարաբերութիւնները խանգարելն էր: Ան շեշտեց, որ «պէտք է պաշտպանել երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագիրը` նկատի ունենալով անոր ռազմավարական չափազանց կարեւորութիւնը»:

ԻՆՔԶԻՆՔ «Ժիհատական դիմադրութեան համակիրներ» կոչող կազմակերպութիւնը ստանձնեց Էյլաթի մէջ գործողութեան պատասխանատուութիւնը: Կազմակերպութեան բանբեր Ապու Մոհթասեմ Մաքտիսի յայտնեց, որ գործողութեան նպատակը Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաքը սպաննելն էր: Ան նշեց, որ կազմակերպութիւնը մօտ օրէն գործողութեան ժապաւէնը պիտի հրապարակէ:

 

Share this Article
CATEGORIES