ԴԵՍՊԱՆ ԺԷԱՐԱ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԱՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ

Դեսպան Ժէարա եւ նախագահ Սարգսեան

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Հայաստանի մէջ Լիբանանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժեպրայիլ Ժէարան, որ կ՛աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ:

Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան Ժէարային` Հայաստանի մէջ իր ութամեայ բեղմնաւոր գործունէութեան համար:

«Մեր ժողովուրդներուն բարեկամութիւնը կու գայ դարերու խորքէն, եւ ուրախ եմ, որ հետզհետէ մեր միջպետական յարաբերութիւնները թափ կ՛առնեն», նշեց նախագահ Սարգսեան` յոյս յայտնելով, որ Լիբանանի նոր դեսպանը նոյնպէս իր աւանդը կ՛ունենայ այս շատ կարեւոր գործին մէջ:

Դեսպան Ժէարա շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սարգսեանին ջերմ խօսքերուն համար եւ նշեց, որ Հայաստանի մէջ գտնուելու ընթացքին ջանք չէ խնայած, որ երկու երկիրներուն միջեւ աւելի ամրապնդուին տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային կապերը:

 

Share this Article
CATEGORIES