«ՖԻՆԻՒԼ-Ի ՈՒԺԵՐՈՒՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ԻՐ ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ԸՆԹԱՑՔՈՎ» ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ ՍԻՆԿ
Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Նիրաժ Սինկ յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը իրենց առաքելութիւնը պիտի շարունակեն սովորական ընթացքով. ան դիտել տուաւ նաեւ, որ ինք թիւի փոփոխութիւն կամ նուազում չի նախատեսեր: «Ֆրանսական ջոկատին անդամներուն թիւը կը մնայ նոյնը, իսկ հարաւի մէջ գտնուող միջազգային խաղաղապահ ուժերը կը հաշուեն 13 հազար զինուոր, որոնք կը ներկայացնեն 36 երկիրներ», շեշտեց Սինկ:
Նիրաժ Սինկ յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը ոչ մէկ փաստ գտած են հարաւային Լիթանիի մէջ զէնքի մաքսանենգումին վերաբերեալ. ան շեշտեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ն ու լիբանանեան բանակը օրական 350 շրջուն ջոկատներով հսկողութիւն կը կատարեն:
Սինկ դիտել տուաւ, որ Ռմէյլէի եւ Սայտայի մէջ վերջերս ՖԻՆԻՒԼ-ի դէմ գործուած երկու պայթումները պատճառ դարձան, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ապահովութեան աւելի եւս ուշադիր ըլլան եւ յաւելեալ ապահովական միջոցառումներով հսկեն հարաւի կայունութեան:
Սինկ նաեւ ըսաւ, որ ապահովութեան պատասխանատուութիւնը նախ եւ առաջ լիբանանեան իշխանութիւններուն վրայ է` աւելցնելով, որ վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին հարաւի մէջ տիրող կացութիւնը ամէնէն ապահովը եւ կայունը եղած է` նկատի ունենալով վերջին երեսուն տարիները:
ՄԱԿ-ի պատասխանատուն շեշտեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի դիմաց կը գտնուին մեծ թիւով մարտահրաւէրներ, որոնցմէ կարեւորագոյնը կը նկատուի հիւսիսային Ղաժարի հարցին լուծումը եւ իսրայէլեան ու լիբանանեան ուժերուն միջեւ այդ մասին բանակցութիւնները վարելը:


