ՖՈՒԹՊՈԼԻ 17 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՌՈՒՍԻԱ` 2-0

Էդուարդ Աւագեան իր նշանակած կոլէն ետք

Երէկ, ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին (17 տարեկանէն վար), Հայաստանի հաւաքականը Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ հիւրընկալեց Ռուսիան:

Հակառակ անոր որ հիւր կազմը մրցումը սկսաւ տիրապետելով մարզիչ Սուրէն Չախալեանի կազմին վրայ, սակայն հետզհետէ հայրենի ֆութպոլիստները իրենք զիրենք գտնելով Ա. կիսախաղին 1-0 արդիւնքով յառաջացան` շնորհիւ Էդուարդ Աւագեանի նշանակած կոլին: Բ. կիսախաղին Հայաստան կրկնապատկեց հաշիւը` շնորհիւ Սարգիս Շահինեանի նշանակած կոլին, եւ մրցումը աւարտեց 2-0 յաղթանակով:

Երկու կազմերը 26 օգոստոսին իրարու դէմ պիտի կատարեն իրենց երկրորդ մրցումը:

Share this Article
CATEGORIES