«ՄԱՍԻՍ» ԱԿՈՒՄԲԻՆ ՄԷՋ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` «ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԻՆ ԴԻՄԱԳՐԱՒԱԾ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ» ՆԻՒԹՈՎ
Կազմակերպութեամբ «Մասիս» ակումբի վարչութեան, երէկ` չորեքշաբթի, 24 օգոստոս 2011-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի «Մասիս» ակումբի «Գէորգ Երեւանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Հայ երիտասարդին դիմագրաւած դժուարութիւնները» նիւթով: Օրուան դասախօսն էր Մարալ Անդոյեան:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Գէորգ Տաղլեան: Ան նկատել տուաւ, որ երիտասարդութիւնը ներկայիս կը դիմագրաւէ զանազան դժուարութիւններ, եւ այդ պատճառով ալ իրենք ուզած են կազմակերպել սոյն դասախօսութիւնը, որպէսզի օգտակար դառնան նոր սերունդին: Ան նաեւ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց օրուան դասախօսին կենսագրական գիծերը:
Մարալ Անդոյեան իր նիւթը բաժնած էր 2 մասերու: Առաջին մասով ան ընդհանուր շրջագիծի մէջ խօսեցաւ երիտասարդութեան ունեցած յատկութիւններուն մասին: Ան անդրադարձաւ երիտասարդութեան ֆիզիքական, մտային, անհատական զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ գործի ասպարէզի ընտրութեան:
Երկրորդ մասով Մարալ Անդոյեան խօսեցաւ հայ երիտասարդութեան եւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին: Ան նկատել տուաւ, որ հիմնական դժուարութիւնը ինքնութեան ճշդումն է, որովհետեւ հայ երիտասարդները կը գտնուին իրենց հայրենիքէն դուրս` աւելցնելով, որ ինքնութեան ճշդումը կու գայ շրջապատէն, տունէն, դպրոցէն, ընկերութենէն, միջավայրէն, եկեղեցիէն: Ան խօսեցաւ երիտասարդներուն վրայ նշեալ իւրաքանչիւր կառոյցին ու միջավայրին ունեցած ազդեցութեան մասին:
Եզրափակելով իր խօսքը` Անդոյեան հաստատեց, որ ազգի մը սեփական նկարագիրին կառուցման եւ սերունդէ-սերունդ փոխանցման էական գործողութիւնը կը կատարուի հայկական վարժարաններուն մէջ, ուր կը դասաւանդուին լեզու, գիտութիւն, մշակոյթ: Աւարտին առիթ տրուեցաւ ներկաներուն հարցումներ ուղղելու դասախօսին: