ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ «ՑՈՒ ԷՐՍԹ» ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ԽՄԲԱԳԻՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ «ԱԶԴԱԿ»
Գերմանական «Ցու Էրսթ» ամսաթերթի գլխաւոր խմբագիր Մանուէլ Օքսընրայթըր երէկ այցելեց «Ազդակ»ի խմբագրատուն եւ հանդիպում ունեցաւ «Ազդակ»ի խմբագրութեան եւ տնօրէնութեան հետ:
Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ երկու թերթերուն գործունէութեան փոխադարձ ծանօթացման: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան մամլոյ դիմագրաւած խնդիրները, բազմամարդ թրքական համայնքին Գերմանիոյ ներքին քաղաքականութեան վրայ ունեցած ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ տեղւոյն հայկական համայնքին վերաբերող հարցեր:
Ամսաթերթը յառաջիկային պիտի անդրադառնայ «Ազդակ»ի պատմութեան եւ ապագայ ծրագիրներուն:
CATEGORIES Գաղութային