ՈՒԺԳԻՆ ԵՒ ՀԱԶՈՒԱԴԷՊ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ ՄԸ ՑՆՑԵՑ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԸ
5.8 ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը ցնցեց Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանը: Հազուադէպ երկրաշարժը պատմութեան ընթացքին շրջանին մէջ արձանագրուած հզօրագոյն երկրաշարժն էր:
Երկրաշարժին պատճառով մինչեւ իսկ ամերիկեան քաղաքական իշխանութեան առանցքը եղող Սպիտակ տունը ցնցուեցաւ:
Մինչ այդ` «Իրեն» փոթորիկը կ՛ուղղուի դէպի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ եւ արդէն թափ ստանալով հասած է ուժգնութեամբ երրորդ աստիճանին: Հիւսիսային Քարոլայնայի բնակիչներէն ոմանք կամովին կը հեռանան ծովեզերեայ շրջաններէն, իսկ ուրիշներ սննդամթերք կ՛ամբարեն:
Փոթորիկը արդէն Քարայիպեան շրջանին մէջ ողողումներ յառաջացուցած է:
http://www.bbc.co.uk/news/world-us-canada-14657206
CATEGORIES Միջազգային