ՍԹՐՈՍ-ՔԱՆԻ ԴԱՏԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ ՓԱԿՈՒԵՑԱՒ

Դրամական միջազգային ֆոնտի նախկին ղեկավար Տոմինիք Սթրոս-Քան կրնայ իրեն դէմ բռնաբարութեան մեղադրանք ներկայացուցած սպասուհիին դէմ դատական հայց ներկայացնել: Անոր փաստաբանը նշած է, որ այդ հարցը տակաւին կը քննարկուի, սակայն սպասուհիին յարուցած դատական հարցին պատճառով Սթրոս-Քան մեծ վնասներ կրած է:

Սթրոս-Քանի դատական հարցը Նիւ Եորքի գերագոյն դատարանին կայացուցած վճիռով փակուած է: Դատախազութիւնը նախապէս յայտնած էր, որ մեղքը ապացուցող փաստերը նախ եւ առաջ բաւարար չեն, իսկ եղածներն ալ` ոչ հաւաստի: Իրաւապահները բացայայտած էին, որ պանդոկի սպասուհի Նոֆիսատու Տիալլօ քննութեան ընթացքին բազմիցս ստած է:

Share this Article
CATEGORIES