ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻ «ԱՐՄԵՆԻԱ» ԱՌԱԳԱՍՏԱՆԱՒԻՆ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԸ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր ընդունեց աշխարհի շուրջ նաւարկած «Արմենիա» առագաստանաւի անձնակազմը:

Նախագահ Սարգսեան գոհունակութիւն յայտնեց հայապահպանման, մշակութային արժէքներու հաշուառման եւ փաստագրման կարեւոր աշխատանքին յաջող աւարտին առնչութեամբ: Անդրադառնալով նաւարկութեան ընթացքին աշխարհի տարբեր երկիրներու հայ համայնքներուն ներկայացուցիչներուն հետ հաստատուած կապերուն` ան յայտնեց, որ այս ճամբորդութեան ընթացքին բոլոր համայնքներուն աշխուժութիւնը անգամ մը եւս կը փաստեն, որ այս աշխատանքը անհրաժեշտութիւն էր:

Գիտարշաւի ղեկավար Զօրի Բալայեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին պատմեց աշխարհի շուրջ նաւարկութեան ընթացքին իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ փորձութիւններուն, ինչպէս նաեւ նուաճումներուն մասին:

Հանդիպման աւարտին գիտարշաւի անդամները նախագահ Սերժ Սարգսեանին յանձնեցին Հայաստանի դրօշը, ինչպէս նաեւ արցախեան պատերազմին նահատակուած անմահ հերոսներու գիրքը, որոնք նաւարկութեան ամբողջ ընթացքին իրենց հետ կը գտնուէին:

Share this Article
CATEGORIES