«ՎԻԷՅՐԱ ԸՍԱՒ ԻՆԾԻ, ԹԷ ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՍԻԹԻՆ ՅԱՐՄԱՐԱԳՈՅՆ ՏԵՂՆ Է» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՆԱՍՐԻ
Արսենալը լքած եւ Մանչեսթըր Սիթիի միացած ֆրանսացի Սամիր Նասրի` մէջբերելով իր նոր խմբակիցին եւ համերկրացիին` Փաթրիք Վիէյրայի խօսքերը, ըսաւ.
«Սիթիի միանալուս պատճառներէն մէկը Վիէյրան է, որովհետեւ ան ըսաւ ինծի, թէ Սիթիի նման ակումբի մը միանալը շատ արդարացի է եւ յարմարագոյն տեղն է ինծի նման խաղացողի մը համար: Երբ Վիէյրայի նման մարզիկ մը քեզի նմանօրինակ յայտարարութիւն մը կը կատարէ, սխալիլը պիտի ըլլայ աններելի: Անոր խօսքը պէտք է մտիկ ընել»:
Ըստ անգլիական մամուլին, Նասրի լսած է նաեւ Արսենալի նախկին մարզիկներուն (այժմ` Մանչեսթըր Սիթի)` Կայել Քլիշիի եւ Քոլօ Թուրէի խրատները:
CATEGORIES Մարզական