«ՄՆԱՅՈՒՆ ԿԵՐՊՈՎ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒՆ ԴԻՄԱԴՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԿԱՐԻՔ ՈՒՆԻՆՔ» ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ ՇԱՐՊԵԼ
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ երկրին ապահովական հաստատութիւններուն կարիքները հոգալու նպատակով:
Ան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը կատարելապէս զինելու առումով կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, ինչպէս նաեւ կը միտի այդ իմաստով մշակել ծրագիր մը:
Շարպել ընդգծեց, որ լիբանանեան պետութիւնը կը ջանայ պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնը, պայքարիլ ահաբեկչութեան դէմ: Ան նաեւ նշեց, որ ներքին լիբանանեան միասնականութիւնը կը նպաստէ երկրին ազգային միասնականութեան եւ կ՛օժանդակէ լիբանանեան պետութեան ու երկրին պետական հաստատութիւններուն զարգացման:
Միւս կողմէ, Շարպել այցելեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Շարպել յայտնեց, որ այդ այցելութիւնը կ՛իյնայ լիբանանեան բոլոր շրջանները տրուելիք այցելութեանց եւ քաղաքական ուժերու պատասխանատուներուն հետ իր ունենալիք հանդիպումներուն ծիրին մէջ:
Ներքին գործոց նախարարը նկատել տուաւ, որ լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուները պէտք է պահպանեն երկրին միասնականութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու լիբանանցիներուն քաղաքացիական անվտանգութիւնը: