ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԻՄՆԱՐԿ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ այցելեց Ճարտարարուեստական հետազօտութիւններու հիմնարկ, ուր ողջունեց վերջին տասը տարիներուն ընթացքին հիմնարկին արձանագրած յաջողութիւններն ու բարգաւաճումը:
Վ. Սապունճեան գնահատեց այդ հիմնարկը` ճարտարարուեստական մարզին մէջ միջազգային չափանիշները պահպանելուն համար: Ան ճարտարարուեստի նախարարութեան ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց հիմնարկին` շեշտելով, որ նախարարութիւնը այդ հիմնարկին պիտի օժանդակէ` ճարտարարուեստական մարզի բարգաւաճումն ու արդիականացումը ապահովող հետազօտութիւնները շարունակելու նպատակով:
CATEGORIES Լիբանանեան