ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ՍՈՒՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուտանի դեսպան Իտրիս Սլէյմանը, որուն հետ քննարկեց ճարտարարուեստական մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան հեռանկարները:
Հանդիպումին ընթացքին դեսպան Սլէյման հաստատեց, որ Սուտանի հետ Լիբանանի գործակցութեան դաշտերը ընդարձակ են:
Վ. Սապունճեան ողջունեց լիբանանեան-սուտանեան երկկողմանի գործակցութիւնը եւ քաջալերեց Լիբանանի ու Սուտանի շահերը պաշտպանող ծրագիրները:
CATEGORIES Լիբանանեան