ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ
«ՆԱՀԱՐ»
– Լրատուութիւն` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին մասին:
(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ», «Անուար», «Տիար», «Սաֆիր» եւ «Լիուա» օրաթերթերը):
– Անդրադարձ` ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի Ճարտարարուեստական հետազօտութիւններու հիմնարկ այցելութեան:
(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ», «Անուար», «Սատա Պալատ», «Տիար», «Սաֆիր» եւ «Լիուա» օրաթերթերը):
– Անդրադարձ. Թուրքիա կը պատրաստուի հիւսիսային Իրաքի դէմ ցամաքային յարձակումի մը, որ պիտի գործադրուի Ֆըթրի տօնէն ետք:
– Լրատուութիւն` նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի եւ երեսփոխան Նուհատ Մաշնուքի Անգարա կատարած այցելութեան մասին:
(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ», «Անուար», «Սատա Պալատ», «Տիար», «Սաֆիր», «Հայաթ» եւ «Լիուա» օրաթերթերը):
«ԱԽՊԱՐ»
– Լրատուութիւն` Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի այն յայտարարութիւններուն մասին, որ անհրաժեշտ է վերջ տալ արեան ծովեր կերտելու քաղաքականութեան…
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ»
– Անգարայի մէջ Իսրայէլի դեսպան Կեպի Լեւի կը նախատեսէ իր հրաժարականը ներկայացնել` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ մէջ իր կեցութիւնը դժուար կացութեան վերածուած է:
«ՀԱՅԱԹ»
– Թրքական բանակի սպայակոյտի նախկին պետ զօր. Ըշըք Քոշաներ, որ այս ամսուան ընթացքին ներկայացուցած էր իր հրաժարականը, շեշտեց, որ թրքական բանակը թափթփած եւ ճակատներէն փախուստ տուող բանակ մըն է:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ»
– Անդրադարձ. Էրպիլի մէջ հազարաւոր քիւրտեր բողոքի ցոյցեր կատարեցին Թուրքիոյ դէմ` դատապարտելով իրենց դէմ գործուող թրքական ռմբակոծումները:
(Նոյն լուրին անդրադարձած է նաեւ «Նահար» օրաթերթը):
– Վերլուծական յօդուած, որուն մէջ կը հաստատուի, որ Թուրքիա Արաբական գարնան հետեւանքներէն անմասն պիտի չմնայ: