ԱՏՆԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԳԱՀԻՐԷ
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր այսօր պիտի մեկնի Եգիպտոս` մասնակցելու համար արաբ արտաքին գործոց նախարարներու արտակարգ նիստին, որ պիտի գումարուի Արաբական լիկայի կեդրոնատեղիին մէջ:
Քննարկումի հիմնական նիւթերը պիտի դառնան Սուրիոյ եւ Լիպիոյ իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, Պուսթրոս պալատին մէջ Մանսուր երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Լիպիոյ զարգացումները:
Հանդիպումին ընթացքին Քոնելլի անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի կողմէ իր միջազգային յանձնառութիւններուն գործադրութեան կարեւորութեան:
Մանսուր ընդունեց նաեւ Գիտական հետազօտութեանց ազգային խորհուրդի նախագահ Մույին Համզան, որուն հետ քննարկեց Վիեննայի մէջ յառաջիկայ սեպտեմբերին տեղի ունենալիք հիւլէականի ուժին նուիրուած միջազգային խորհրդաժողովին մանրամասնութիւնները:

