ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ ՏՂՈՑ ԽՄԲԱՅԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀՄԸՄ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ԿԱԶՄԸ ԻՐ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՍԿՍԻ ԱՅՍՕՐ
Այսօր` երեքշաբթի, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) կը սկսին Լեռնալիբանանի նահանգի Բ. դասակարգի տղոց խմբային ախոյեանութեան մրցումները, որոնց իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը:
Այսօրուան, ինչպէս նաեւ վաղուան մրցումները կը սկսին ժամը 18:00-էն սկսեալ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մաս կազմող մարզիկներէն կ՛ակնկալուի տպաւորիչ ներկայացում կատարելով ամէն ճիգ ի գործ դնել` յաղթանակներ արձանագրելու եւ անցնելու յաջորդ հանգրուան:
CATEGORIES Մարզական