ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ «ԱՐՄԵՆԻԱ» ԱՌԱԳԱՍՏԱՆԱՒԻ ԴԻՄԱՒՈՐՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 26 օգոստոսին Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ ներկայ գտնուեցաւ աշխարհի շուրջ նաւարկութիւն կատարած «Արմենիա» առագաստանաւի անձնակազմի դիմաւորման հանդիսաւոր արարողութեան:
«Մեսրոպ Մաշտոց» արշաւախումբի ղեկավար Զօրի Բալայեան նախագահին յանձնեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դրօշը, որ անոնց ուղեկցած էր ամբողջ նաւարկութեան ընթացքին:
Նախագահ Սահակեան շնորհաւորեց ներկաները նաւարկութեան յաջող աւարտին առիթով` նշելով, որ աւելի քան երկու տարի տեւած այս արշաւը դարձաւ հայ ժողովուրդի կարեւոր յաղթանակներէն եւ ձեռքբերումներէն մէկը: Բակօ Սահակեան ընդգծեց, որ Արցախի մէջ մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւէին նաւարկութեան ամբողջ ընթացքին եւ հպարտութեամբ կը լեցուէին առագաստանաւի անձնակազմին ամէն մէկ յաջողութեամբ:
Նախագահ Սահակեան «Արմենիա»ի ճամբորդութիւնը որակեց իբրեւ ուխտագնացութիւն, քանի որ անիկա շրջելով սփիւռքի ամէնէն տարբեր մասերուն մէջ, հայրենասիրութեան հզօր լիցք հաղորդած է սփիւռքի հայրենակիցներուն եւ իւրայատուկ կապ մը հաստատած է հայ ժողովուրդի տարբեր հատուածներուն միջեւ:
Արարողութենէն ետք նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ նախագահ Սահակեանի եւ առագաստանաւի անձնակազմի առանձին հանդիպումը, որուն կը մասնակցէր Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան: