«ՈՐՈՇ ԴՐԱՑԻՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌԸ ԱՅԴ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ

Ազրպէյճանական «1news.az» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Անգարայի կողմէ «զերօ խնդիրներ դրացիներու հետ» քաղաքականութեան որդեգրումէն ետք վերջերս Հայաստանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի հետ նկատուող լարուածութեան պատճառը այդ երկիրներուն վարած քաղաքականութիւնն է:

Տաւութօղլու նշած է, որ շրջանին մէջ Հայաստանի ոչ շինիչ դիրքորոշումը, Սուրիոյ կառավարութեան կողմէ խաղաղ բնակչութեան դէմ զինուորական ուժի կիրարկումը եւ Հիւսիսային Իրաքի մէջ ՔԱԿ-ի զինեալներու վնասազերծման առնչութեամբ Անգարայի սկսած զինուորական գործողութիւնները շրջանին մէջ այդ դրացիներուն հետ որոշակի լարուածութիւն ստեղծած են:

Ըստ անոր, «զերօ խնդիրներ դրացիներու հետ» քաղաքականութիւնը չի նշանակեր, որ Թուրքիան անտարբեր պիտի ըլլայ շրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն գծով եւ իր անվտանգութեան համար միջոցներու պիտի չձեռնարկէ:

Share this Article
CATEGORIES