ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ՓՈՐՁԵՆ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼԵԼ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐԸ

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Գերմանիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան հռչակման 20-ամեակին առիթով Գերմանիոյ մէջ սեպտեմբերին նախատեսուող ձեռնարկներուն առնչութեամբ Պերլինին ներկայացուցած է բողոքագիր մը, որուն մէջ Գերմանիոյ կոչ ուղղած է` արգիլել «այդ գրգռիչ ձեռնարկը»:

Իսկ Շթութկարթի մէջ Ազրպէյճանի հիւպատոսարանը Շթութկարթի քաղաքապետարան ուղարկած է բողոք-նամակներ, որոնց մէջ կ՛ակնարկուի «այդպիսի ձեռնարկի մը կայացման անթոյլատրելիութեան մասին»: Հիւպատոսութեան աշխատակիցները հանդիպած են նաեւ  քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներուն հետ եւ խօսած «Հայաստանի կողմէ գործադրուող գրգռութիւնը կանխարգիլելու մասին»:

Գերմանիոյ մէջ գործող ազրպէյճանական կազմակերպութիւնները իրենց կարգին բողոքի ցոյցեր կը կատարեն:

 

Share this Article
CATEGORIES