ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ. «ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՔԱՆԴԻՉ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԾԱԾԿՈՂ ՏԳԵՂ ԴԻՄԱԿԸ ԻՆԿԱԾ Է»

Մուրապիթուն շարժումը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ օրըստօրէ թրքական վարչակարգը կը փաստէ իր յանձնառութիւնը` Միացեալ Նահանգներու խաղալիք ՕԹԱՆ-ին նկատմամբ, արաբ ժողովուրդի կիներուն եւ երեխաներուն դէմ վերջինիս գործած սպանդները ծածկելու միջոցով:

«Թրքական այս վարչակարգը, իր արտաքին գործոց նախարարին` Ահմեթ Տաւութօղլուի իսկ լեզուով եւ անոր որդեգրած ծաղրանկարային կեցուածքներով կը հաստատէ իր խաբեբայ մօտեցումը` ընդգծելով, որ ինք դուրս եկած է թուրանական իր ծայրայեղութենէն եւ դարձած է իսլամ չափաւորական կուսակցութիւն եւ վարչակարգ», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Մուրապիթուն շարժումին համաձայն, ով որ իսլամ է, ապա ան պէտք չէ ճանչնայ իսլամներուն եւ արաբական աշխարհին թիւ մէկ թշնամին` հրէական պետութիւնը, ինչպէս նաեւ Մեքքան աշխարհի ոչ մէկ այլ քաղաքին կրնայ նմանցնել:

«Թուրքիա իր վտանգաւոր եւ քանդիչ դերակատարութեամբ վար առած է իր տգեղ դէմքը ծածկող դիմակը, երբ Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի դէմ ՕԹԱՆ-ի գործած ռմբակոծումներն ու սպանդները համեմատած է Մոհամետ մարգարէի հետեւորդներուն կողմէ Մեքքան հեթանոսներէն ազատագրելու օրուան», ընդգծուեցաւ Մուրապիթուն շարժումի հաղորդագրութեան մէջ:

Share this Article
CATEGORIES