50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (30 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏՕՆԸ
ԿԵՍԱՐԻՈՅ ՄԷՋ
Կեսարիայէն կը գրեն 14 օգոստոս թուականով.-
Վերափոխման Ս. Աստուածածնայ տօնը այս տարի ալ մեծ հանդիսութեամբ կատարուեցաւ քաղաքիս Ս. Լուսաւորիչ դարաւոր եկեղեցիին մէջ, որ լեցուած էր հաւատացեալներու երկսեռ խուռն բազմութեամբ: Արարողութիւնները սկսան առաւօտեան ժամը 4:00-ին եւ վերջացան 11:00-ին, նախագահութեամբ վաստակաւոր հոգեւոր հովիւ Հայկազուն Ա. քհնյ. Կարապետեանի, որ մատոյց օրուան տօնական պատարագը, քարոզեց եւ կատարեց խաղողի օրհնութիւնը:
Երգեցողութիւնները ներդաշնակօրէն կատարեցին Սկիւտարի Սուրբ Խաչ դպրեվանքի աշակերտները: Շրջակայ գիւղերէն եկող ուխտաւորները կողովներով խաղող բերած էին` օրհնուելու համար:
Ճաշու գիրքին ընթերցումէն ետք, պատարագիչ տէր հայրը թուրքերէն գեղեցիկ քարոզ մը խօսելով` ներբողը հիւսեց երանեալ Սուրբ Կոյս Մարիամին եւ յորդորեց մայրերը` հետեւիլ անոր մաքրամաքուր կենցաղին եւ աստուածահաճոյ գործին եւ հասցնել քրիստոնէական սուրբ հաւատքով առլցուն առաքինի եւ պարկեշտ զաւակներ:
Տէր հայրը պատարագէն ետք հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց նորոգ հանգուցեալ երջանկայիշատակ պատրիարք Խաչատուրեանի յիշատակին:
Ժողովուրդին 500 ծրար օրհնուած խաղող բաժնուեցաւ եւ պահք ու ծոմ բռնող բազմաթիւ հաւատացեալներ հաղորդուեցան:
ԸՆԿ. Յ. ՉԱԳՐԵԱՆ
ՅԱՆԿԱՐԾԱՄԱՀ` ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ
Հալէպի Ազգային առաջնորդարանին կողմէ հրատարակուած մահազդէ մը ցաւով կը տեղեկանանք յանկարծական մահը Բերիոյ թեմի Ազգային գաւառական ժողովի ատենապետ ընկեր Յարութիւն Չագրեանի, 25 օգոստոս 1961, ուրբաթ օր:
Ընկեր Յ. Չագրեան երկար ատենէ ի վեր սրտի անհանգստութիւն ունէր: Տակաւին 62 տարեկան էր:
Տարիներով վարած է Սուրիահայ օգնութեան խաչի շրջանային վարչութեան ատենապետի պաշտօնը: Քանիցս եղած է Բերիոյ թեմի Քաղաքական ժողովի անդամ, հիմնադիրներէն է Նոր Գիւղի Ազգային Սահակեան վարժարանին: Սիրուած էր բոլորէն անխտիր:
Թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցած է շաբաթ, 26 օգոստոս, Մէյտանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին մէջ:
Մ. ԻՇԽԱՆԻ ԱՅՑԸ ՆՈՐ ՋՈՒՂԱ
Նոր Ջուղայէն կը գրեն Թեհրանի «Ալիք»ին.-
Օգոստոս 6-ին, երեկոյեան ժամը 7:45-ին, Նոր Ջուղա ժամանեց Ճեմարանի ուսուցիչ Մ. Իշխանը:
Մ. Իշխանը Նոր Ջուղայում դասախօսեց հայ մշակոյթի եւ մեր նոր սերնդի ազգային դաստիարակութեան ու տոհմիկ նկարագրով զարգացման կարեւոր նիւթի շուրջ:
Նախ բացատրեց մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան տարբերութիւնները, ապա թռուցիկ ու հարեւանցի կերպով անդրադարձաւ ընդհանրապէս մեր նախնիների թողած գիր ու գրականութեան եւ արուեստների կենսական ու նշանակալից դերի մասին` մեր ցեղային գոյութեան, արժանապատուութեան եւ յարատեւութեան գործում:
Յարգելի դասախօսը մէկ ժամ տեւող իր բանախօսութիւնը վերջացրեց հետեւեալ խօսքերով` «Հետեւեցէք Մեսրոպ Մաշտոցին»:
Ջերմ ծափահարութիւնից յետոյ բեմ բարձրացաւ Նոր Ջուղայի Ազգային երկսեռ դպրոցների հոգաբարձութեան նախագահ Անդրանիկ Ղարախանեանը, շնորհակալական մի քանի խօսքերից յետոյ հոգաբարձութեան կողմից, տեղական տեսարժան վայրերի մի ալպոմ նուիրեց Մ. Իշխանին: