ԲԱԶՄԱԿԱՐԾ ԲԵՄԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԴԻԱԿԱՆ ՊԱՏՐԱՆՔԻՆ

Միացեալ Նահանգներու մէջ մտային զբաղումներու գլխաւոր աշխատանքներէն մէկն է արտադրել բեմագրութիւններ` ապագային մասին երկիրներու, որոնք, ըստ իրենց, բարգաւաճած, զարգացած չեն եւ անկայուն են, հետեւաբար` վտանգաւոր:

Ցարդ ես չեմ հանդիպած որեւէ այսպիսի բեմագրութեան մը, որ իմաստալից ըլլայ: Ես կրնամ ատոնք սահմանել իբրեւ սրտառուչ բնագրութիւններ (հիմնականին մէջ` արեւմտեան հասարակական կարծիքին համար արտադրուած), որոնք կը փորձեն կանխատեսել կեցուածքը, վերաբերմունքը երկրի մը, որ ուսումնասիրուած է հապճեպ եւ ամբողջովին հիմնուած` քաղաքական դերակատարներու վարքագիծին վրայ: Նաեւ դժուար չէ կռահելը, թէ այս բնագիրները կրնան ձեռնավարական ազդեցութիւններ ունենալ, եւ թէ` շահագրգռուած երկիրներու մէջ որոշ խմբակներու կողմէ այս բնագիրներու օգտագործումը կրնայ հրապուրել` խաբելով իրեն քաշել որոշ քաղաքականութիւններու հետապնդումը, կամ` որոշ ուղղութիւններով զօրաշարժի ենթարկելու հասարակական կարծիքը:

Երկար տարիներ այդ բեմագրութիւնները պիտի արտադրուէին Թուրքիոյ համար, իսկ հիմնական, գլխաւոր զանգուածային լրատու միջոցները պիտի հրապարակէին, տպէին ատոնք` իբրեւ «գիտական ուսումնասիրութիւններ»:

Թէեւ ատոնք այլեւս ի վիճակի չեն խարդախելով ղեկավարելու թրքական հասարակութիւնը, սակայն գիտենք, որ այս բեմագրութիւնները տակաւին գրաւիչ են Միացեալ Նահանգներու մտախաղերուն համար: Համաշխարհային հարցերու կեդրոնը (ՀՀԿ) Նիւ Եորք համալսարանին մէջ վերջերս պատրաստած է նման բնագրութիւն մը: Ինչպէս ծանօթ է, այսպիսի բեմագրութիւններու համար երեք այլընտրանքներ կան: Անոնցմէ երկուքը իրատեսական չեն, աւելի ճիշդ, անոնք կը պատկերեն ծայրայեղ պարագաներու «հաւանական» արդիւնքներ:

Երրորդը աւելի «իրատեսական եւ առարկայական» է` համեմատած միւս երկուքին եւ ատոր հեղինակներուն թոյլ կու տայ անձնատուր ըլլալու խուսանաւողական քաղաքականութիւններու:

Արդարեւ, ՀՀԿ-ի պատրաստած առաջին երկու բեմագրութիւնները կը պարփակեն բաւական զուարճալի տարրեր, ինչպէս` ատոնց կանխատեսումը, թէ Թուրքիա իսլամական եւ զինուորական բռնատիրութիւն պիտի դառնայ:

Արդարեւ, այսպիսի զարգացումներէ կը բացակային ընկերային բոլոր տեսակի հիմքերը:

Եթէ ատիկա քաղաքական դերակատարներու կողմէ միայն հաւանական գաղափարախօսութեան կամ անտրամաբանական որոշումներու համար է, ապա այս բեմագրութիւնները որոշ չափով կրնային իմաստալից ըլլալ: Սակայն այսօր վճռորոշ գլխաւոր շարժուն ուժը հասարակութիւնը, ընկերութիւնն է, այլ ոչ թէ` քաղաքական ուժերը:

Այսպիսով, որեւէ քաղաքական դերակատար, որ կրնայ հասկնալ եւ ներկայացնել ընկերային պահանջներ, կրնայ աճիլ, ուժեղանալ: Նկատի առնելով ընկերային, հասարակական միտումները, դժուար չէ տեսնել, որ ո՛չ իսլամականութիւնը, ո՛չ ալ զինուորական հովանաւորութիւնը գործնական փոխընտրանք է:

Այսպիսով, մենք կը հասնինք երրորդ «իրատեսական» փոխընտրանքին, որ կը շահարկուի շուկայական գրաւիչ կոչումով.  «Քաղաքական բազմակարծութիւն»:

Ահաւասիկ ատոր կանխատեսումները` իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (ԱԲԿ) վերաբերեալ. ԱԲԿ-ն պիտի ձախողի արձագանգելու ընտրողներու ակնկալութիւններուն: Պիտի փորձէ խախտել սահմանադրական սահմանները: Պիտի փորձէ ներկայացնել նախագահական համակարգ մը: Պիտի շարունակէ զանգուածային լրատու միջոցներուն վրայ ճնշում բանեցնել եւ պիտի հակի դէպի իսլամական արտաքին քաղաքականութիւն: Նոյն ատեն, գլխաւոր ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւնը (ԺՀԿ) պիտի մշակէ ընկերային ժողովրդավարական գրաւիչ ծրագիր մը, իսկ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը (ԽԺԿ) աւելի հասուն պիտի դառնայ: Այսպիսով, կեդրոն- ձախը պիտի համարկուի քիւրտերուն հետ` երեւան գալու համար իբրեւ այլընտրանքային կառավարութիւն մը, եւ քուէներու հաւասար բաշխումով, 2015 թուականի ընտրութիւններուն, տագնապներ պիտի յառաջանան երկփեղկելու համար իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը:

Այս կանխատեսումները քննարկելէ առաջ թոյլ տուէք, որ հարցնեմ. ի՞նչ տեսակի «քաղաքական բազմակարծութիւն» է ասիկա, որ կ՛ենթադրէ, թէ ԱԲԿ-ն հետեւողականօրէն սխալ քաղաքականութիւններ պիտի վարէ, մինչ ԺՀԿ-ն եւ ԽԺԿ-ն ամբողջ ընթացքին ճիշդ պիտի գործեն: Այս բեմագրութիւնը, ըստ էութեան, կը պարփակէ հետեւեալ կցորդութիւնը, լռելեայն իմաստը. այսօր ԱԲԿ-ն «դժբախտաբար» կը գործէ ճիշդ ձեւով, միւս մնացեալ երկու կուսակցութիւնները «դժբախտաբար» սխալներ կ՛ընեն: Այս պարագային  աւելի լաւ պիտի չըլլա՞ր, եթէ բոլորն ալ «ճիշդը» ընէին ապագային. այսինքն ԱԲԿ-ն շարունակէր իրականացնել բարեկարգումները, իսկ ԺՀԿ-ն եւ ԽԺԿ-ն աջակցէին, զօրակցէին այս բարեփոխումներուն: Պէ՞տք է, որ ԱԲԿ-ն սխալ բան ընէ յանուն քաղաքական բազմակարծութեան:

Մենք պէտք չունինք որեւէ խոր վերլուծումի: Համաշխարհային հարցերու կեդրոնի «իրատեսական» բեմագրութիւնը, աշխարհիկ կարգի խռովեալ վիճակին իբրեւ արդիւնք խուսանաւողական ճիգին դրսեւորում է միայն, ուրիշ ոչինչ:

Միւս կողմէ, մենք պէտք է տեսնենք, որ այս բեմագրութիւնը, իբրեւ արդիւնք «մտածելու», կ՛ապաւինի ենթադրութիւններու, որոնք կ՛ակնարկեն կամ կը պարունակեն հիմնաւորման, տրամաբանութեան յստակ բացակայութիւն: Արդարեւ, անոնք, որոնք հմուտ եւ տեղեակ են ներքին ուժականութեան ԱԲԿ-ի եւ անոր յարաբերութիւններուն ընկերութեան հետ, պէտք է կանխատեսեն, որ այս կուսակցութիւնը այդ սխալները բնաւ պիտի չգործէ:

Կրնայ ըլլալ, որ ԱԲԿ-ն դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ` հաստատուած սահմաններէն անդին երթալով, յարգելով ժողովրդավարացումը, բայց կուսակցութիւնը նաեւ ծայրայեղ դժուարահաճութեամբ, բծախնդրութեամբ կը գործէ, որպէսզի  մենատիրական կուսակցութիւն մը դառնալու ծուղակը չիյնայ:

Պարզ պատճառ մը կայ ատոր համար. անոնք գիտեն, որ եթէ ծուղակը իյնան, ժողովուրդին կրօնական հատուածին զօրակցութիւնը իրենց հանդէպ պիտի չքանայ: Աւելի՛ն. ԺՀԿ-ն եւ ԽԺԿ-ն այնպիսի ուժեղ գաղափարախօսական խոչընդոտներ ունին, որ ցնորք, պատրանք կ՛ըլլայ ակնկալելը, որ այդ կուսակցութիւնները կը գործեն բեմագրութիւններուն նշածին նման:

Բացի ատկէ, այս կուսակցութիւններու ընտրողներուն խարիսխը, հիմքը տակաւին զերծ չէ իրենց մենատիրական մտածելակերպէն, եւ առնուազն 10 տարի (նոր սերունդ մը) անհրաժեշտ պիտի ըլլայ, որպէսզի այս խոչընդոտը կարելի ըլլայ յաղթահարել:

Հաճելի պէտք է ըլլայ «չբարգաւաճած» երկիրներու եւ ընկերութեանց, հանրութիւններու համար բեմագրութիւններ արտադրելը: Կը կարծեմ, որ քննարկումները բաւական արդիւնաւէտ եւ «գոհացուցիչ» էին: Առանց հասկնալու հաւաքականութիւն մը` մարդ չի կրնար շատ հեռու ճամբորդել քաղաքական դերակատարներու սեփական գաղափարախօսական քլիշէներու վրայ կառուցուած վերլուծումներուն ընդմէջէն:

ԷԹԻԷՆ ՄԱՀՃՈՒՊԵԱՆ

«Թուտէյզ Զաման»

Share this Article
CATEGORIES