ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ. ԱՇԽԱՐՀԻ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ՀԻՆԳ ՄԵՏԱԼԻ
Հունգարիոյ մէջ տեղի ունեցած ըմբշամարտի պատանիներու աշխարհի ախոյեանութեան, Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի պատանիներու հաւաքականը յաջող արդիւնքներ արձանագրելով տիրացաւ հինգ մետալի:
46 քկ դասակարգին մէջ Ալպերթ Վարդանեան տիրացաւ արծաթ մետալին, մինչ պրոնզէ մետալի տիրացան Արթուր Սիմոնեան (42 քկ), Կարէն Ասլանեան (54 քկ), Արմէն Յակոբեան (63 քկ) եւ Սարգիս Քոչարեան (69 քկ):
Խմբային դասաւորման մէջ Հայաստան գրաւեց 4-րդ դիրքը: Առաջին հանդիսացաւ Ազրպէյճան, որուն իրեն յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Ռուսիա եւ Իրան:
CATEGORIES Մարզական