50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (2 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1961)

ԱՌՕՐԵԱՅ ՀՈԳԵՐ

ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ,
ՆՈՅՆԻՍԿ ԼԱՍՏԻՆ ՎՐԱՅ

Հրաշալի էր ծովը կիրակի առաւօտ:

Պարուհի մը պիտի չկրնար տալ հոլանի լանջքին ու սրունքներուն նոյնքան թովիչ ծփանք, պիտի չունենար թեւերուն եւ ունկերուն նոյնքան շողափայլ օղ ու ապարանջան, եւ շրթներուն` հրաւէրի նոյնքան քաղցր մրմունջ: Այնքա՜ն  հեզասահ էին փոքրիկ ալիքները, այնքա՜ն լոյսով յորդուն եւ ճառագայթով պճնազարդ` անամպ երկինքին տակ անհունօրէն տարածուող ջուրերը կապոյտ:

Դեռ ամառը նոր կը սկսէր ու մսելու վախը կար ինծի պէս թերավարժի մը համար: Բայց անդիմադրելի էր գեղեցկութիւնը եւ զգլխիչ` փորձութիւնը: Խոհեմութիւնը կը տժգունէր արեւին դէմ բռնուած մոմի լոյսին պէս: Սիրտս երեխայի սիրտ էր այդ պահուն: Ուստի վարանումս երկար չտեւեց: Աճապարեցի տուն: Կէս ժամ ետք, լողալու պատրաստ, կանգնած էի ծովափին:

Առանց արեւին տակ երկար սպասելու, տարիներու կարօտով մտերիմի մը վիզը նետուողի պէս, ցատկեցի ծովուն գիրկը: Պաղ ջուրին մէջ ախորժով սարսռաց մարմինս: Ձեռքի ու ոտքի հարուածներուս տակ շուտով սպիտակ փրփուրի վերածուեցան խաժ ալիքները` ճամբայ բանալով դէպի բացը:

Մօտեցեր էի լաստին, երբ ձայն մը հոնկէ զգուշացուց զիս.

– Շուտ ըրէ՛, էնտիլներ կան, կրնաս խայթուիլ:

Ճշգրիտ չըմբռնեցի վտանգին տարողութիւնը, միայն շանաձուկը միտքս ինկաւ, եւ աճապարեցի` ամբողջ ուժս տալով թեւերուս ու ոտքերուս:

Հասած էի լաստին, երբ ձեռքը երկարեց, բռնեցի ջլապինդ այդ ձեռքը եւ շնչասպառ ելայ լաստ: Դէմս կանգնած էր արեւէն խանծուած, պրոնզացած մատղաշ երիտասարդ մը: Ծովուն ջուրը արեւու ճառագայթներուն տակ ոսկի թելերու վերածուելով` կը սարսռար մազերէն, մատներէն ու սրունքներէն: Կը ժպտէր ան` անծանօթ, բարի  ժպիտով:

– Երբ դպչին մարմնիդ, մորթդ կրակ կ՛առնէ, կը քերուըտի ու կ՛ուռի, չես դիմանար: Քիչ առաջ խայթեցին երկու հոգի: Գացին` դեղ քսուելու:

– Որո՞նք են այդ խայթողները,- հարցուցի դարձեալ, կացութեան անտեղեակ:

Վկայ փնտռողի շուարումով գլուխը դարձուց աջ ու ձախ, եւ վերջապէս ցուցամատը ուղղեց ջուրին խորքը.

– Ահա՛, ասո՛նք, էնտիլները:

Բացխփեցի աղի ջուրէն այրող աչքերս ու նայեցայ այդ կողմը: Զոյգ մըն էին` երկնագոյն ու ողորկ գիծերով: Կը սահէին հանդարտ ջուրին ընդմէջէն, կարծես զոյգ մը կապոյտ շուշան ըլլային:

– Ի՜նչ գեղեցիկ են,- ըսի յափշտակուած . բնաւ չէի յուսար, որ վնասարարներ ըլլան գեղեցկութեան այդ մասնիկները, որոնք սուսիկ-փուսիկ շարունակեցին իրենց ճամբան ու անհետացան:

– Հա՛, հա՛ խնդաց պրոնզէ երիտասարդը:- Բռնէ, որ տեսնես աղուոր ըլլալնին:

– Այո՛,- ըսի,- մե՛ղք, որ երեւոյթները յաճախ խաբուսիկ են:

– Գեղեցիկը բարի ու օգտակար կը թուի, բայց փաստերը հակառակը ցոյց կու տան յաճախ: Թունաւոր սունկեր շատ կան: Հը՛, վարպետս, օրինակ, մաքուր ու ածիլուած, կանանչ ու աղուոր աչքերով, որ ամսականս չ՛աւելցներ, եւ երբ ժամ մը պակաս աշխատիմ, կը կտրէ իսկոյն օրականէս…

Կռնակնիս տուած էինք լաստին, իրարմէ քիչ հեռու:

– Ի՞նչ գործ կ՛ընես,- հարցուցի:

– Կահագործի քով կ՛աշխատիմ: Իսկ դո՞ւն:

– Իր գործէն ու վիճակէն գոհ մարդ չկայ, բայց արեւն ու ծովը աղուոր չե՞ն այսօր:

– Հարկա՛ւ, ատոր համար հեռաւոր արուարձանէն եկայ մինչեւ հոս, եկայ ծովուն բացը, լաստին վրայ հանգստանալու: Գիշերը չեմ քնացած աղմուկէն ու մժեղէն:

Նոյնքան ալ իմ ջիղերս պէտք ունէին խաղաղութեան ու լռութեան: Ա՛լ չխօսեցանք: Աջ թեւս աչքերուս` մնացի երկարած:

Միայն ջուրին շաղփաղփը կար, ընդծովեայ խուլ աղմուկը` մեղմօրօր լաստի շուրթին ու յատակին: Լեցուեցայ լոյսով ու լռութեամբ: Անէացման լուսեղէն պա՛հ: Դարձայ  մէկ մասնիկը բնութեան: Հեռաւոր աստղի մը վրայ ըլլայի կարծես:

Յանկարծ լաստը ցնցուեցաւ: Աչքերս բացի: Երիտասարդը ելած էր ոտքի:

– Ձանձրացայ,- ըսաւ,- պառկելէն ալ բան չհասկցայ:

Ափով աչքերուն շուք տալով` կը դիտէր ցամաքը:

– Վա՛յ լակոտ, ընկերս է, Ահմետը, ուրկէ՛ գտեր է այդ երկու աղուորիկ պուպրիկները:

Գլուխս վերցուցի ու նայեցայ այդ կողմը: Ծովեզրի ծայրին վրայ երկու մանկամարդուհիներ եւ երիտասարդ մը կը խօսակցէին անհանդարտ շարժումներով: Հեռուէն չէր նշմարուեր «աղուորիկ» կամ տգեղ ըլլալնին…

– Ցը՛,- ըսաւ խօսակիցս,- ահա ես գացի,- ու նետուեցաւ ջուրը:

Կրկին երկնցայ, այս անգամ` փորիս վրայ, քիչ մըն ալ կռնակը արեւին տալու: Ու մտածեցի, թէ մեր նախահայր Ադամն ալ երիտասարդ, շատ երիտասարդ ըլլալու էր, որ ձանձրացաւ դրախտի խաղաղութեան մէջ ու աղուորիկ Եւային սիրոյն` նախընտրեց կեանքի թոհնուբոհը:

Անգամ մըն ալ վեր առի գլուխս: Խօսակիցս միացած էր ընկերոջը եւ երկու աղջիկներուն, ժայռին վրայ: Բայց խումբ մը այլ երիտասարդներ արագ-արագ կը լողային դէպի լաստը:

Հասա՛ն: Լաստը փոթորիկի բռնուեցաւ կարծես: Սկսաւ հակիլ մէկ աջ, մէկ ձախ: Ծովուն պաղ ջուրը, ցայտելով անոնց ոտքի ու բռունցքի հարուածներուն տակ` կ՛իյնար վրաս, կու տար սարսուռ` արեւէն տաքցած մորթիս:

– Տե՛ս,- կ՛ըսէր մէկը,- հրթիռի պէս կը պատռեմ ջուրը:

– Ահա՛,- կ՛ըսէր միւսը,- սուզանաւի պէս կ՛իջնեմ ջուրին տակը:

«Չէ՛, մարդիկ չեն սիրեր խաղաղութիւնը,- մտածեցի:- Անհանդարտ է մարդուն էութիւնը: Մարդիկ կը փնտռեն խաղաղութիւնը` միայն խանգարելու համար զայն: Աշխարհի վրայ խաղաղ ու հանգիստ տեղ չմնաց: Ու շատ չանցած` տիեզերանաւերն ու հրթիռները պիտի խանգարեն տիեզերքին յաւերժական անդորրութիւնն ալ:

Լաստը չա՛ չա՛ չա՛ կը պարէր տղոց ոստումներուն կշռոյթով: Մնալիք տեղ չէր: Ընդհուպ նետուեցայ ջուրը եւ ելայ ցամաք:

Յ. ԳԵՂԱՐԴ

Share this Article
CATEGORIES