ՀԻՈՒՍԹԸՆԻ ՓՈՂՈՑՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԱԾ Է ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ամերիկեան փողոց մը Ազրպէյճան անուանակոչուած է:
Հիուսթըն քաղաքի մեծագոյն փողոցներէն մէկը այսուհետեւ պիտի կրէ Ազրպէյճան անունը: Նշեալ փողոցը Ազրպէյճան անուանակոչելու նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Ազրպէյճանա-ամերիկեան մշակութային ընկերակցութեան:
CATEGORIES Միջազգային

