ԺԵՄԱՅԷԼ. «ՀԸԶՊԱԼԼԱ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՎԱՐՈՒԻ ԱՅՆՊԷՍ, ԻՆՉՊԷՍ ՍԻՈՆԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԱՐՈՒԻ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԷՋ»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան գործադիր խորհուրդի նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանը յուզող քաղաքական իրադարձութիւններուն:

Ժեմայէլ նշեց, որ վերջին երեք ամիսներուն ընթացքին իրենց համար յստակ դարձած է, որ Հըզպալլա լիբանանեան պետութեան մէջ կը վարուի իբրեւ անկախ իշխանութիւն: Ժեմայէլ ընդգծեց, որ Հըզպալլա Լիբանանի մէջ կը վարուի այնպէս, ինչպէս սիոնական պետութիւնը կը վարուի Իսրայէլի մէջ: «Իսկ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին հետ իր ցուցաբերած վարուելակերպին պատճառով Հըզպալլա մուտք գործած է վտանգաւոր եւ լուրջ հանգրուան մը», հաստատեց Ժեմայէլ:

 

Share this Article
CATEGORIES