ՖԻԹՐԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐԸ

Ֆիթրի տօնին առիթով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շնորհաւորեց բոլոր լիբանանցիները` մաղթելով երկրին ապահովական կայունութիւն եւ լիբանանցիներուն բարօրութիւն:

Այս առիթով նախագահական պալատէն հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նախագահ Սլէյման իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց երկրի իսլամ հոգեւոր պետերուն:

Ֆիթրի տօնին առիթով նախագահ Սլէյման ունեցաւ նաեւ շարք մը շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ` արաբական երկիրներու նախագահներուն եւ թագաւորներուն հետ: Անոնց շարքին էր նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ, որուն նախագահ Սլէյման փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները եւ անոր հետ քննարկեց Սուրիոյ ու Լիբանանի իրադարձութիւնները եւ երկու  երկիրներուն վրայ արաբական երկիրներուն կեցուածքներուն ունենալիք ազդեցութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES