ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԵՒ ՌՈՒԲԷՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՀԱՐՑԵՐԸ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան նախանցեալ օր ընդունեց Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր եւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանը:

Նախագահ Սահակեանի մամլոյ գրասենեակը յայտնեց, որ այս հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Արցախի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Սամուէլ Կարապետեան:

Այս հանդիպումին ընդհանրապէս քննարկուեցան Ղարաբաղի մէջ ֆութպոլի զարգացման հետ կապուած հարցեր:

Յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ մարզադաշտերու բարեկարգման եւ անոնց ընդլայնման ուղղութեամբ աշխատանքներու իրականացման:

Share this Article
CATEGORIES