ՆԱԽԱՐԱՐ ՄԱՆՃԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻԻ
Պետական նախարար Փանոս Մանճեան երէկ այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան բանակին եւ երկրին ապահովութեան վերաբերող ընդհանուր հարցեր:
Զօր. Քահուաժի ընդունեց նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթան, որուն հետ քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի եւ բանակին միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
CATEGORIES Լիբանանեան