«ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻՆ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՈՒՄԸ ԿԸ ԾԱՌԱՅԷ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇԱՀԵՐՈՒՆ» ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Փարիզէն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ եւ անոր ներկայացուց Ֆրանսայի մէջ ունեցած իր հանդիպումներուն արդիւնքները:

Միւս կողմէ, «Հայաթ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին վարչապետը յայտնեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանը զանց առնել Սուրիոյ կացութենէն եւ այլուր ներքին հարցերու միջամուխ չըլլալ, որպէսզի նոյն վերաբերումը չփոխադարձուի:

Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան իւրայատուկ պարագայ մըն է, որուն ծանօթ են բոլորը:

Վարչապետը ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի ֆինանսաւորէ Միջազգային դատական ատեանը, որովհետեւ անիկա կը ծառայէ Լիբանանի շահերուն:

Ան խստիւ դատապարտեց զինք մոխրագոյն կամ անորոշ անուանող բոլոր յայտարարութիւնները:

Անդրադառնալով ելեկտրականութեան թղթածրարին` Միքաթի շեշտեց, որ այդ հարցը զուտ թեքնիք բնոյթ ունի եւ ուժանիւթի ու ջուրի հարցերու նախարարին հետ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին գործադրութեան եղանակը կը շարունակէ քննարկել:

Միքաթի նախատեսեց, որ յառաջիկայ տարեսկիզբին լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող քարիւղի հանքերու պեղման յատուկ նուազուրդները սկսին:

 

Share this Article
CATEGORIES