ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ` ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ
Խումբ մը երիտասարդներ անցեալ շաբաթավերջին կատարեցին հաւաք մը Թանգարանին մօտ գտնուող Անյայտ զինուորի յուշարձանին առջեւ` զօրակցելու համար լիբանանեան բանակին եւ հաստատելու համար, որ միայն բանակն է երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը երաշխաւորողը:
Հաւաքին ընթացքին արտասանուած խօսքերը հաստատեցին, որ քաղաքական կարգ մը հոսանքներու եւ երեսփոխաններու կողմէ բանակին եւ անոր հրամանատարին` զօր. Ժան Քահուաժիի դէմ յայտարարուած արշաւը մերժելի է:
Ցուցարարները պահանջեցին լիբանանեան բանակին դէմ արտայայտուող երեսփոխաններուն անձեռնմխելիութիւնը խզել եւ զանոնք փոխանցել զինուորական ատեան. անոնք կոչ ուղղեցին համախմբուելու լիբանանեան բանակին շուրջ, որովհետեւ բանակն է, որ իր հազարաւոր նահատակներով պահպանած է երկիրն ու լիբանանեան քաղաքացիական անվտանգութիւնը:
Հաւաքին մասնակիցները պաշտպանութեան եւ արդարութեան նախարարներէն պահանջեցին հետապնդել այս հարցը եւ անոր նկատմամբ լուռ չմնալ:
Անոնք նաեւ կոչ ուղղեցին հանրապետութեան նախագահին անտարբերութեամբ չվարուելու լիբանանեան բանակին դէմ ցեխարձակումներ կատարող քաղաքական անձնաւորութիւններուն նկատմամբ: