ՆԱԽԱՐԱՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ «ԱԶԴԱԿ»

Երէկ յետմիջօրէին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան այցելեց «Ազդակ»ի խմբագրատուն եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ: Նախարարին կ՛ընկերանային Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան եւ սփիւռքի նախարարութեան Միջին Արեւելքի բաժանմունքի վարչութեան պետ Արթուր Թումանեան: Հանդիպումին ներկայ էր «Փիւնիկ» հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեան: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան հեռանկարներուն, 19 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք համահայկական խորհրդաժողովին եւ հայկական լրատուամիջոցներու առնչուած խնդիրներուն վրայ:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»

Նախարարի այցելութիւններուն շարքին ներառուած էր «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանը, ուր նախարար Յակոբեան իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ ընդունուեցաւ «Վանայ ձայն»ի տնօրէնութեան կողմէ: Հանդիպումին ներկայ էր հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Նախարարութեան աշխատանքներուն մասին կատարուած խորհրդակցութիւններէն ետք նախարար Յակոբեան տուաւ միացեալ հարցազրոյց մը` «Ազդակ»ին, «Վանայ ձայն»ին եւ «Օ. Թի. Վի.»ի հայերէն լրատուութեան բաժինին համար:

 

Share this Article
CATEGORIES