ԱՊԱՏԻ ԱՅՑԵԼԵՑ ԻՍԼԱՄ ՔԱՐՈԶԻՉ ՆԱՊՈՒԼՍԻԻ

Շէյխ Նապուլսի եւ դեսպան Ապատի

Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի երէկ այցելեց իսլամ քարոզիչ շէյխ Աֆիֆ Նապուլսիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները:

Հանդիպումին ընթացքին Նապուլսի շեշտեց, որ շրջանին մէջ Իրան կը ներկայանայ իբրեւ գլխաւոր հիմք` շրջանի ազատութեան եւ ժողովուրդներուն անկախացման: Ան դրուատեց նաեւ Լիբանանի նկատմամբ Իրանի ցուցաբերած զօրակցութիւնը:

Իր կարգին, Ապատի նկատել տուաւ, որ Լիբանանի եւ Իրանի մէջ ապահովական կացութիւնը կայուն է` աւելցնելով, որ Լիբանանի դիմագրաւած ելեկտրական տագնապին լուծման առումով Իրան տակաւին պատրաստ է օժանդակութեան:

Share this Article
CATEGORIES