ՊԸՐՐԻ. «ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՀՐԱՄՑՈՒԻՆ ԻԲՐԵՒ ՄԵՂՐԻ ՄԷՋ ԹԱԹԽՈՒԱԾ ԹՈՅՆԵՐ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մամլոյ գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տրուեցաւ, որ «Մուսթաքպալ» օրաթերթին հրապարակած տեղեկութիւնները` «Ուիքիլիքս»ի գաղտնազերծումներուն վրայ հիմնուելով, կը հրամցուին իբրեւ մեղրի մէջ թաթխուած թոյներ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ 2006-ի յուլիսին Ամալ շարժումը պայքարեցաւ Իսրայէլի դէմ` աւելցնելով, որ ինչպէս անցեալին, այսօր եւս Ամալ շարժումը կը մնայ Հըզպալլայի եւ Դիմադրութեան ամբողջական գործընկերը:

Հաղորդագրութեան մէջ նկատել տրուեցաւ, որ խորհրդարանի նախագահը դիմած է Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան, որպէսզի անոր խողովակով ան կարենայ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն ստանալ «Ուիքիլիքս»ի գաղտնազերծած փաստաթուղթերուն իսկական օրինակները` գիտնալու համար, թէ «Ուիքիլի՞քս»ն է սուտասանը, թէ՞ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճեֆրի Ֆելթմանը: Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ երբ Ուաշինկթըն անտեսած է այս պահանջը, ապա իրենց համար փաստուած է, որ բոլոր կողմերը մեղսակից են այս իրականութեան, «եւ այդ պատճառով ալ խորհրդարանի նախագահը մերժեց ընդունիլ Ֆելթմանը, երբ ան վերջերս այցելած էր Լիբանան», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Միւս կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին մէջ Պըրրի հաստատեց, որ անհրաժեշտ է ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին առումով ելք մը գտնել` աւելցնելով, որ ինք վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին յղած է լուծման տարբերակ մը:

Պըրրի յայտնեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը պատճառ պիտի չըլլայ կառավարութեան հրաժարումին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES