ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՍԱՖԱՏԻԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԵՐԿՐԻՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Նախագահ Սլէյման եւ Սաֆատի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շնորհաւորեց լիբանանցիները եւ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքը` մարոնի նոր պատրիարքին ընտրութեան առիթով:

Ան շեշտեց, որ նորընտիր մարոնի պատրիարքը` Պշարա Ռայի, ատակ յաջորդը պիտի ըլլայ Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքին, որովհետեւ ան կառչած պիտի մնայ մարոնի համայնքի ազգային սկզբունքներուն:

Նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարար Մոհամետ Սաֆատին, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան նախարար Մոհամետ Ժաուատ Խալիֆէն, որուն հետ քննարկեց առողջապահութեան նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի եւ պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժորժ Քարաա, որոնք նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեցին երկրին ապահովական կացութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու մանրամասնութիւնները:

Միւս կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով հանրապետութեան նախագահին այցելուներէն, հաստատեց, որ նախագահը ազգային հաւասարակշռութիւնը խախտող ոչ մէկ համաձայնագիր պիտի ստորագրէ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES