ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԱՐՄԱՏՆԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԱՆԻ` ՄԻՆՉԵՒ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ ՀՌՉԱԿՈՒԻԼԸ

Անի, Բագրատունեաց Հայաստանի հռչակաւոր մայրաքաղաքը, իր հազարումէկ եկեղեցիներով, իր պալատներով, միջնաբերդով, պարիսպներով, պաշտպանական ամրութիւններով ու ճարտարապետական իւրայատկութիւններով, բացառիկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ հայ ազգի պատմութեան մէջ: Մինչեւ մայրաքաղաք հռչակուիլը Անի կամսարականներուն իշխանանիստ կեդրոնն էր եւ բաղկացած էր Աղջկաբերդէն, Միջնաբերդէն եւ անոնց կից տարածուող աւանէն: Բագրատունիներ հետագային Անին Շիրակի եւ Արշարունիքի հետ գնեցին Կամսարականներէն եւ իրենց կեդրոնը դարձուցին:

ԱՆԻ

Անիի համայնապատկերը

Անի, բագրատունիներու հռչակաւոր մայրաքաղաքը, կը գտնուի Այրարատեան աշխարհի Շիրակ գաւառին մէջ, Ախուրեան եւ Անի, Ծաղկոցաձոր, Իգաձոր եւ Գայլաձոր գետերու խոր ձորերով կտրատուած եռանկիւնաձեւ, 1500 մեթր բարձրութեամբ սարահարթին վրայ:

Սարահարթը, որուն վրայ տեղադրուած էր բուն քաղաքը, հիւսիս-արեւելքէն դէպի հարաւ-արեւմուտք մէկ քիլոմեթր երկարութիւն ունի, իսկ արեւելքէն արեւմուտք, իր ամէնէն լայն մասին մէջ` 500-էն 600 մեթր: Քարքարոտ սարահարթին հարաւային կողմը գտնուող բլուրը Ախուրեանի ձորէն 120 մեթր բարձրութիւն ունի. հոն կը գտնուէր միջնաբերդը եւ արքայական պալատը: Սարահարթի հարաւ-արեւմտեան կողմը, Ախուրեան եւ Անի գետերու ժայռոտ հրուանդանի բարձրունքին կը գտնուէր Աղջկաբերդը: Սարահարթին հիւսիսային կողմը Գայլաձորի, Իգաձորի եւ անոնց վտակներու խոր ձորերով կտրատուած է:

Շիրակի արգաւանդ դաշտին բաղկացուցիչ մասը կազմող Անիի շրջակայքը տափաստան մըն է: Կլիման ձմեռը ցուրտ է, երկարատեւ, ձիւնառատ, յաճախակի են սառնամանիքները եւ ջերմաստիճանը զերոյէն վար մինչեւ 41 կ՛իջնէ: Ամառը տաք է` մինչեւ 36 աստիճան: Գարունն ու աշունը զով են եւ հաճելի: Եղանակները ընդհանուր առմամբ պարզկայ են: Տարեկան տեղումները` 475 միլիմեթր: Օդը  կազդուրիչ է եւ առողջարար: Ամառը կէսօրէ ետք, իրիկնադէմին, հիւսիսային կողմէն չոր, ծաղիկներու բուրմունքով լեցուն հովեր կը փչեն:

ԱՆԻ` ԿԱՄՍԱՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ
ԻՇԽԱՆԱՆԻՍՏ ԿԵԴՐՈՆ

Անի իբրեւ բնակավայր գոյութիւն ունեցած է պատմութեան հնագոյն ժամանակներէն եւ ամրացուած բնակավայր եղած է: Հին կառուցուածքներու մնացորդները, յայտնաբերուած դրամները, զարդերը, արձանիկները, քաղաքի հիւսիսային կողմի, պաշտպանական ամրութիւններու ուղղութեամբ նկատուող պազալթի հսկայ քարերով, առանց շաղախի կատարուած կառուցուածքներու մնացորդները, ինչպէս նաեւ քաղաքի աւերակներէն մէկ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող գերեզմանոցը կը վկայեն Անիի հնագոյն բնակավայր ըլլալու իրողութիւնը:

Արշակունեաց թագաւորութեան ժամանակ Անի Հայաստանի ամուր բերդերէն մէկն էր եւ Շիրակի ու Արշարունիքի տէր Կամսարականներուն կը պատկանէր: Կամսարականներուն իշխանանիստ կեդրոնը Արտագերս ամրոցն էր, բայց յետոյ Արշակ Բ. թագաւոր գրաւեց զայն, որմէ ետք կամսարականներ իրենց իշխանութեան ոստանը դարձուցին Անի ամրոցը: Շիրակ գաւառը, Անի ամրոցով, իբրեւ աւատական տիրոյթ կամսարականները ստացած էին Տրդատ Գ. թագաւորէն 321-ին:

Վարդանանց պատերազմին ժամանակ, 450-ին կամ 451-ին ապստամբներ սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ գրաւեցին Անին: Վահանեան պատերազմներուն ժամանակ, 481-184-ին, մարզպան Ատրվշնասպ իր հետեւորդներով փախուստի դիմելով Անիի բերդի պարիսպներուն մօտ ապաստան գտաւ, ուրկէ յետոյ գնաց Արտաշատ:

Կամսարականներու տոհմական կեդրոն Անիի հնագոյն կառոյցները կը գտնուէին Աղջկաբերդի շուրջ, ուրկէ դիւրին էր մուտք գործել ամրոց:

Անիի հիւսիսային պարիսպները

Հնագոյն այդ կառոյցները պարիսպով մը շրջապատուած էին, որոնց մնացորդները պահպանուած են Ախուրեանի եւ Ծաղկոցաձորի մէջ: Պարիսպը քանի մը քառակուսի բուրգեր ունէր, որոնց մնացորդները նշմարելի են պարիսպի տարբեր հատուածներուն մէջ: Աղջկաբերդի հին պարիսպի որոշ հատուածներ հաւանաբար անփոփոխ մնացած են եւ հետագային կառուցուած պաշտպանական նոր պարիսպի համակարգին մէջ առնուած են: Դեղնագոյն քարէ հին պարիսպը կը գտնուի բլուրի բարձունքին վրայ:

Աղջկաբերդի մէջ կային քանի մը եկեղեցիներ: ԺԳ. դարու սկիզբը Զաքարէ իշխանի կառուցած կամ վերանորոգած եկեղեցւոյ մօտ աւելի հին եկեղեցի մը գոյութիւն ունեցած է, որ աւանդութեան համաձայն կառուցուած է Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ, հեթանոսական միհեանի աւերակներուն վրայ: Հետագային եկեղեցին կոչուած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ:

Կամսարականներուն իշխանանիստ ամրոցը Միջնաբերդն էր, որուն մօտ կը տարածուէր համանուն աւանը: Բլուրի մը վրայ գտնուող Միջնաբերդը պարիսպով մը շրջափակուած էր: Ժայռակերտ, աստիճանաւոր եւ կամարակապ ծածկով ճանապարհ մը Միջնաբերդը կը կապէր Աղջկաբերդի: Աւանդութեան համաձայն Աղջկաբերդի մէջ բնակող թագաւորի մը դուստրը այդ ճանապարհով կ՛երթեւեկէր:

Կամսարականներու ամրոցին պաշտպանական պարիսպները հետագային Բագրատունիներուն կառուցած պարիսպին մէկ հատուածը կը կազմէին, որոնք կ՛երկարէին դէպի Ծաղկոցաձորի կիրճը:

Հաւանաբար կամսարականներու ժամանակ կառուցուած էր Անիի արքայական պալատի ջրամբարը, ինչպէս նաեւ միջնաբերդի պալատական եկեղեցին:

Պալատական եկեղեցին կը գտնուի արքայական պալատին մօտ, հիւսիս-արեւելեան կողմը եւ կը պատկանի միանաւ պազելիքներու ընտանիքին: Հետագային եկեղեցւոյ տարբեր մասերը վերափոխութիւններու ենթարկուած են: Եկեղեցին հաւանաբար կոչուած է Սուրբ Սարգիս:

Աղջկաբերդէն եւ Միջնաբերդէն զատ, կամսարականներուն ժամանակ շինարարական աշխատանքներ կատարուած են նաեւ բուն Անի ամրոցէն դուրս, անոր կից աւանին, հետագայ բուն քաղաքին մէջ:

Այդպիսի կառուցուածք մը յայտնաբերուած է 1908-ի պեղումներուն ժամանակ: Շէնքին հիմքը չորս հաստ եւ ոչ շատ բարձր սիւներն են, որոնք շարուած են գորշագոյն քարերէ: Սիւներուն միջեւ չորս պատեր եղած են եւ ունեցած են կամարակապ ծածկ: Շէնքը հաւանաբար մատուռ մը եղած է: Կ՛ենթադրուի նաեւ, որ անիկա դամբարան եղած է: Շէնքին նոր քաղաքին մէջ գտնուիլը ցոյց կու տայ, որ կամսարականներու ժամանակ Անի բնակավայրը չէր սահմանափակուած միայն բուն ամրոցով, այլ ամրոցին կից կար նաեւ բնակելի աւան:

Առաքելոց եկեղեցւոյ մօտ յայտնաբերուած փոքրիկ եկեղեցին, որ նուռի զարդանախշեր ունենալուն համար հետագային կոչուած է Նուռերով եկեղեցի, հաւանաբար կառուցուած է երկարաւուն յատակագիծ ունեցող եկեղեցիներու օրինակով, կարմրաւուն մեծ սալաքարերով եւ կրկնակի գետնախարիսխի վրայ կանգնած է եւ ունի մէկ դուռ` հարաւէն:

Կամսարականներ Անիի եւ շրջակայքին մէջ հովանաւորեցին գիտութիւնն ու կրթութիւնը: Անի ամրոցի հոգեւոր կեդրոնը հանդիսացող Տեկորի տաճարին դպրոցին մէջ ուսուցիչ եղած է գիտնական եւ մանկավարժ Թաթուլ Ճգնաւոր:

Կամսարականներու ժամանակաշրջանի Անիի վերաբերեալ կարելի է յիշել նաեւ Անանիա Շիրակացին, որ կոչուած է նաեւ Անանիա Անեցի: Ան կամ ծնած է Անիի մէջ, կամ ալ երկար տարիներ ապրած է հոն:

ԱՆԻ` ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԵԱՑ ՈՍՏԱՆ

Արաբական տիրապետութեան դէմ 773-775 տարիներու ապստամբութեան գլխաւոր դերակատարներ Կամսարականներն ու Մամիկոնեանները ծանր հարուած ստացան: Մուշեղ Մամիկոնեան զոհուեցաւ 775-ին, Բագրեւանդի ճակատամարտին: Քանի մը տարի ետք, 785-ին, Խազարացիներու արշաւանքին դիմագրաւելու ժամանակ մահացաւ Ներսեհ Կամսարական:

Այս նոյն ժամանակ Բագրատունիները, Արծրունիները, Սիւնիներն ու Առանշահիկները ոչ միայն կրցան պահպանել իրենց տոհմական տիրոյթները, այլեւ բաւական զօրանալով քաղաքական մեծ հեղինակութիւն ձեռք ձգեցին: Ամէնէն աւելի զօրացան Բագրատունիները, որոնք կրցան արաբներուն հետ լեզու գտնել, իշխանաց իշխանի կոչումին արժանացան, քայլ առ քայլ ընդարձակեցին, իրենց իշխանութեան սահմանները տարածուեցան դէպի Տայք, Տարօն, Մոկք եւ Այրարատեան աշխարհի տարբեր գաւառներ:

Անիի ամրոցը

Բագրատունիներուն տոհմական ոստան Դարոյնք ամրոցը միշտ վտանգի ենթակայ էր մէկ կողմէն Հարք եւ Ապահունիք գաւառներուն մէջ հաստատուած արաբական կայսիկ եւ ութմանիկ ցեղերուն, իսկ միւս կողմէ` Դուինի արաբական ոստիկանի կայազօրին կողմէ: Դարոյնքի կողքին, Բագրատունիներու իշխանանիստ կեդրոններէն էր նաեւ Սպերը:

Բագրատունիներու տոհմի ներկայացուցիչներ Աշոտ Մսակեր եւ եղբայրը` Շապուհ, 773-775-ի ապստամբութեան ճնշումէն ետք Դարոյնքէն հեռացած եւ Սպեր քաշուած էին:

Բագրատունի եղբայրները, ապստամբութեան ճնշումէն ետք, ստեղծուած քաղաքական յարաբերաբար նպաստաւոր վիճակէն օգտուելով Սպերէն Բագարան փոխադրուեցան եւ 783-ին Կամսարականներէն գնեցին Արշարունիքն ու Շիրակը` Անի ամրոցին հետ, եւ միացուցին իրենց տոհմական տիրոյթներուն: Հաւանաբար անոնք զէնքի ուժով գրաւեցին այդ գաւառները եւ յետոյ իբրեւ հատուցում որոշ գումար մը տուին Կամսարականներու ժառանգորդներուն: Անիի տէր դառնալէն ետք Բագրատունիներ վերաշինեցին զայն եւ իրենց տոհմական կարեւոր կեդրոններէն մէկ դարձուցին: Աշոտ Մսակերի զաւակը` Սմբատ խոստովանող Անի բերդը իր աթոռանիստը դարձուց:

Իշխանաց իշխան Աշոտ 885-ին հռչակուեցաւ թագաւոր: Բագրատունեաց թագաւորութեան մայրաքաղաք դարձաւ Բագարանը: Անիի կարեւորութիւնը շեշտուեցաւ եւ ամրոցէ մը հետզհետէ քաղաքի վերածուեցաւ: Այդ ժամանակ Անի Բագրատունիներուն կարեւորագոյն բերդն էր, բերդ-գանձարանը, ուր կը պահէին իրենց հարստութիւններուն մեծ մասը: Մայրաքաղաքը յետոյ Բագարանէն Երազգաւորս փոխադրուեցաւ:

Աշոտ Ա.ի յաջորդը` Սմբատ Ա. թագաւոր, Ատրպատականի Եուսուֆ ոստիկանին պահանջած տուրքը կարենալ վճարելու համար իր կարգին կարգադրեց ժողովուրդէն կրկնակի տուրք հաւաքել: Այդ պատճառով դժգոհութիւններ բարձրացան եւ արքունիքին մէջ բարձր դիրքեր գրաւող Հասան իշխան, իր աներոջ եւ վրաց Ատրներսեհ թագաւորին հետ դաւադրութիւն կազմակերպեցին Սմբատ Ա.ի դէմ: Ատրներսեհ եւ Հասան տեղաւորուեցան Անի ամրոցին մէջ, իսկ միւսները ամրացան Երազգաւորսի մէջ, սպասելով Տաշիրի կողմերը գտնուող Սմբատ Ա.ի վերադարձին: Նախօրոք տեղեկութիւն ստանալով դաւադրութեան մասին թագաւորը իր ջոկատով մտաւ մայրաքաղաք եւ կալանաւորեց խռովարարները: Հասան եւ Ատրներսեհ, ի տես դաւադրութեան ձախողութեան, կողոպտեցին Անիի մէջ գտնւող Բագրատունիներուն գանձերն ու թանկարժէք իրերը եւ փախուստ տուին դէպի Տայք:

Աբխազներու Կոստանդին թագաւոր փորձեց ընդարձակել իր տիրութեան սահմանները: Սմբատ Ա. եւ վրաց Ատրներսեհ թագաւոր դաշնակցած դուրս ելան անոր դէմ: Կոստանդին թագաւոր ինկաւ եւ շղթայակապ բանտարկուեցաւ: Անի ամրոցին մէջ, բայց յետոյ ազատ արձակուեցաւ:

Ախուրեանի ձորը

Սիւնիքի Գրիգոր Սուփան իշխան, Մաքինիսի վանքի գմբէթաւոր եկեղեցին կառուցելէ ետք, 901-ին վանքին կալուածներ եւ հարստութիւններ նուիրեց, որոնց շարքին` հինգ կրպակ ու խանութ Անիի մէջ:

Այս ժամանակ արդէն Անի բազմամարդ բնակավայր էր: Գրիգոր Պահլաւունի Ժ. դարու կէսերուն կառուցեց տոհմական Ապուղամրենց Սուրբ Գրիգոր եկեղեցին: Բագրատունիներ, նախքան մայրաքաղաք հռչակուիլը Անիի մէջ պաշտպանական կառուցումներ կատարած են: Հետագայ Սմբատաշէն պարիսպին մօտ ալ փոքր եկեղեցի մը կառուցուած է, ինչ որ ցոյց կու տայ, որ Անիի սահմանները կը հասնէին մինչեւ Իգաձորի ափերը: Նշենք նաեւ, որ քաղաքի նոր մասին մէջ յայտնաբերուած 952 թուակիր խաչքարը նոյնպէս ցոյց կու տայ, որ շրջանը բնակեցուած էր նախքան մայրաքաղաք դառնալը:

Ինչպէս Կամսարականները, Բագրատունիները եւս սկզբնական շրջանին իրենց հիմնական ուշադրութիւնը կեդրոնացուցին պաշտպանական ամրութիւններու, պարիսպներու եւ բուրգերու կառուցման վրայ: Այսպէս, քաղաքի պարիսպի բուրգերէն մէկուն վրայ արձանագրուած է. «Աշոտոյ իշխանաց իշխանի է». հաւանաբար, այդ բուրգը կառուցած է Աշոտ Ա., տակաւին իշխանաց-իշխան եղած ժամանակ:

Աբաս թագաւոր արքունիքը Երազգաւորսէն տեղափոխեց Կարս, իսկ զաւակը` Աշոտ գ. Ողորմած 961-ին Անին հռչակեց մայրաքաղաք, երբ արդէն անիկա շէն ու բարգաւաճ քաղաք էր` իր միջնաբերդով, բուն քաղաքով եւ արուարձաններով, եւ արհեստներու ու առեւտուրի կարեւոր կեդրոն դարձած էր:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES