ՏԵՍԱԿԷՏ. ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԵՒ ԲԱԶՄԱՃԻՒՂ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ ՄԸ

31 մայիս 2010-ին թրքական «Մաւի Մարմարա» նաւուն դէմ կատարուած իսրայէլեան յարձակումին հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ յանձնախումբը անցեալ ուրբաթ օր հրապարակեց իր զեկուցումը, ուր նշուած էր, թէ Իսրայէլի կողմէ հաստատուած Կազայի ծովային շրջափակումը օրինական է, նաւուն վրայ բարձրացող իսրայէլացի զինուորները ստիպուեցան «կազմակերպուած եւ բիրտ դիմադրութեան» դէմ ինքնապաշտպանութեան դիմել, սակայն իսրայէլացիներուն կողմէ կիրարկուած ուժը «չափազանցուած եւ անտրամաբանական» էր: Թուրքիա մերժեց զեկուցումը եւ Անգարայի մէջ Իսրայէլի դեսպանը վտարեց, Իսրայէլի հետ զինուորական համաձայնութիւնները սառեցուց եւ յայտարարեց, որ արեւելեան Միջերկրականի մէջ իր ծովուժին ներկայութիւնը կ՛ամրապնդէ, որպէսզի Իսրայէլ այսուհետեւ անոր ջուրերուն մէջ ազատօրէն չգործէ: Իսրայէլ անդրդուելի մնալով յայտարարեց, որ «Մաւի Մարմարա»ի դէպքին համար կը ցաւի, սակայն ներում պիտի չհայցէ:

Ուաշինկթըն բաւարարուեցաւ երկու կողմերուն կոչ ուղղելով իրենց յարաբերութեանց մէջ յառաջացած ճգնաժամը լուծելու: Ամերիկեան վարչակազմին մեղմ եւ անկողմնակալ կեցուածքը կարելի է բացատրել այն իրողութեամբ, որ խնդրոյ առարկայ երկիրները Ուաշինկթընի սերտ դաշնակիցներ են: Աւելի՛ն. Անգարա Իսրայէլի դէմ իր միջոցառումները յայտարարելէ երկու օր առաջ իր հողամասերուն վրայ ամերիկեան հակահրթիռային վահանէն տարրերու տեղակայումին համամիտ գտնուած էր. իմաստուն քայլ մը, որ Ուաշինկթընի, ՕԹԱՆ-ի եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքին հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները պաշտպանեց Իսրայէլի հետ տագնապին մէջ իր որդեգրած խիստ կեցուածքին ժխտական անդրադարձէն, սակայն նոյն ատեն Ռուսիոյ դժգոհութիւնը յառաջացուց: Վերջինս թրքական այդ քայլին նկատմամբ մտահոգութիւն յայտնելէ ետք, պատժական քայլով մը սառեցուց Թուրքիոյ համար կարեւոր եւ ձեռնտու նկատուող Սամսոն-Ճէյհան քարիւղի խողովակաշարի ծրագիրը: Ի վերջոյ, ինչպէս ասացուածքը իրաւամբ կը նշէ` «ամէն բարիք մէկ տեղ չի գտնուիր»:

Ամերիկեան հակահրթիռային վահանէն տարրերու Թուրքիոյ մէջ տեղակայման թոյլտուութեամբ նախապատրաստուած հակաիսրայէլեան թրքական այս կեցուածքին նպատակն է նոր շունչ հաղորդել Թուրքիոյ նոր օսմանական ծրագիրին, որ «Արաբական գարնան» տարբեր արարներուն ընթացքին Անգարայի որդեգրած կեցուածքներուն պատճառով դժուարութեան մատնուած էր: Թուրքիա այժմ անգամ մը եւս «Մաւի Մարմարա»ն կ՛օգտագործէ` արաբական աշխարհին մէջ իր ժողովրդականութիւնը վերաշխուժացնելու համար: Բացառուած չէ, որ Անգարա արաբները սիրաշահելու համար արեւելեան Միջերկրականի մէջ իր ծովուժի ներկայութիւնը ամրապնդելէ ետք, իսրայէլեան ծովուժին հետ միջադէպ մը հրահրէ` զարգացում մը, որ նաեւ ընկերային արդարութեան պահանջով շաբաթօրեայ ժողովրդային բողոքի լայնածաւալ ցոյցեր դիմագրաւող Իսրայէլի կառավարութեան շահերէն կը բխի եւ կ՛իյնայ արտաքին ապահովական տագնապի մը ստեղծումով` իսրայէլեան հանրութեան ուշադրութիւնը շեղելու Լիբանանէն Կազա երկարող փորձերուն ծիրին մէջ:

Արեւելեան Միջերկրականի մէջ թրքական ծովուժին գործունէութեան աշխուժացումով` նաեւ փորձ կը կատարուի խանգարելու Լիբանան-Կիպրոս եւ Իսրայէլ-Կիպրոս բնական կազի ծովային հանքերուն շուրջ կնքուած համաձայնութիւնները: Աւելի՛ն. դիւանագիտական աղբիւրներ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին կը յայտնեն, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին Կազա պիտի այցելէ: Ան Կազա իր «յաղթական մուտքին» համար վստահաբար պիտի օգտագործէ Ռաֆահի անցքը: Կը մնայ տեսնել, թէ եգիպտական իշխանութիւնները, որոնք Սինայի մէջ ստեղծուած ապահովական կացութեան հարցով Իսրայէլի հետ լարուածութիւն կը դիմագրաւեն, պիտի ուզե՞ն Եգիպտոսէն Կազա Էրտողանի անցքը` արտօնելով Թել Աւիւի զայրոյթը գրգռել:

Այս բոլորին կողքին, նոյնքան հետաքրքրական է արաբական աշխարհի հակազդեցութիւնը, որ առայժմ թրքական ձեւական կեցուածքներէն ձանձրացած կը թուի ըլլալ եւ կը զգուշանայ թրքական թատրոնին աւարտը տեսնելէ առաջ ծափահարելէ: Տաւոսի մէջ Էրտողան-Փերես վէճէն եւ Ազատութեան նաւատորմիղի դէպքէն գինովնալէ ետք, արաբ ղեկավարներն ու ընդհանրապէս քաղաքական միտքը կը թուին սթափած ըլլալ: Ուշադրութեան արժանի է Իրանի զուսպ եւ որոշ վերապահութիւն դրսեւորող կեցուածքը, որ արդիւնք է Սուրիոյ հարցով ստեղծուած Թուրքիա-Իրան լարուածութեան եւ Միջին Արեւելքի մէջ Անգարա-Թեհրան մրցակցութեան:

Հետաքրքրական եւ բազմաճիւղ զարգացում մը, որուն բաղադրիչ իւրաքանչիւր մասը զարգացումներով յղի եւ ուշադրութեան արժանի է:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

4 սեպտեմբեր 2011

Share this Article
CATEGORIES