ԵՒՐՕ-2013. ՉԵԽԻԱ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ` 1-1
Երէկ, Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդներու 21 տարեկանէն վար հաւաքականը, Եւրօ-2013-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին իր կատարած երրորդ մրցումին, 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ բաժնուեցաւ Չեխիայէն:
Մրցումին հաշիւը 55-րդ վայրկեանին բացաւ Էտկար Մալաքեան, սակայն հայրենի կազմին ուրախութիւնը երկար չտեւեց` նկատի ունենալով, որ այդ կոլէն 13 վայրկեան ետք դաշտին տէրերը նշանակեցին իրենց հաւասարութեան կոլը` շնորհիւ Վլատիմիր Թարիթայի:
Սակայն հակառակ իր արձանագրած այս հաւասարութեան, Հայաստան կը շարունակէ մնալ Գ. խմբակի պարագլուխի դիրքին վրայ` 7 կէտով:
Հայրենի կազմը իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ Չեխիոյ դէմ (Երեւանի մէջ)` 11-11-11-ին:
CATEGORIES Մարզական