ԼԵՄ-ԱԿԱՆՆԵՐ ԿԸ ԲՈՂՈՔԵՆ ԹՐՔԱԿԱՆ ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ԴԷՄ
Երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ի հակազդեցութիւն Լիբանանի մէջ թրքական ժապաւէններու ցուցադրութեան շաբթուան, խումբ մը ԼԵՄ-ականներ «Սոֆիլ» շարժապատկերի սրահ ուղղուելով ներկաներուն ցրուեցան Լիբանանի Հայ դատի մարմնին կողմէ պատրաստուած կոչեր, որոնք կը բացայայտեն Թուրքիոյ մշակութային կեղծ դիմագիծը:
Կոչերու ցրուումին ընթացքին ստեղծուեցաւ իրարանցում: Թրքական շարժապատկերի շաբթուան բացումին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան ներկայացուցիչը, լրագրողներ, թրքական ժապաւէններու դերասաններ եւ բեմադրիչներ:
ԼԵՄ-ականները կոչերը շարունակեցին ցրուել նաեւ շարժապատկերի սրահէն դուրս ճամբու անցորդներուն:
CATEGORIES Լիբանանեան